Լիբանանի Թեմի Ազգ. Վարչութեան Ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

Չորեքշաբթի, 24 Դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդունեց քաղաքավարական այցելութիւնը Լիբանանի Թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Գրիգոր Արսլանեանի եւ կնոջ՝ Հիլտայի, որոնք Ազգ. Առաջնորդարան ներկայացան նաեւ շնորհաւորելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը:

Գեղամ Արքեպիսկոպոս Լիբանան իր առաջնորդութեան օրերու երբեմնի գործակիցին հետ առիթ ունեցաւ վերյիշելու անցեալի քաղցր օրեր եւ զրուցելու թեմական  աշխատանքներու մասին:

 

Leave a Comment