29 յունուար 2026-ին պատմական Արարատ-73-ի ֆութպոլի ակումբին նուիրուած մարզական ժապաւէնը` «ոսկի տուպլէ»-ն պիտի սկսի ցուցադրուիլ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ շարժապատկերի սրահներուն մէջ:
Շարժապատկերի այս ժապաւէնը կը խոստանայ դառնալ ոչ միայն մարզական տրամա, այլ յարգանքի տուրք մեծ ակումբին եւ այն մարդոց, որոնք իրենց անունը գրեցին հայկական թէ Խորհրդային Միութեան ֆութպոլի պատմութեան մէջ:
«Ոսկի տուպլէ/Արարատ 73» ժապաւէնը նուիրուած է Նիքիթա Փաւլովիչ Սիմոնեանի յիշատակին, որ բոլորին ծանօթ մեծ ֆութպոլիստ եւ մարզիչ էր: Խորհրդային Միութեան վաստակաւոր վարպետ, մարզիչ Սիմոնեանի գլխաւորութեամբ Երեւանի Արարատը 1973-ին շահած էր Խորհրդային Միութեան ախոյեանութիւնն ու բաժակը` ձեւակերպելով «Ոսկի տուպլէ» մը: Ժապաւէնին մէջ Սիմոնեանի դերը մարմնաւորած է յայտնի ռուս դերասան Եգոր Բերով: Ժապաւէնի բեմադրիչներն են Մհեր Մկրտչեան եւ Ֆիոտոր Լիաս: