ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Եւրոպայի Երիտասարդ Ընկերվարներու Բիւրոյի Ժողովին

ՀՅԴ Երիտասարդականը մասնակցեցաւ Եւրոպայի Երիտասարդ ընկերվարներու Բիւրոյի ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Պրիւքսէլի մէջ` դեկտեմբեր 12-էն 14-ին: ՀՅԴ Երիտասարդականի պատուիրակութիւնը ներկայացուց Արփիար Մելիքճեան` ՀՅԴ Նետերլանտներու «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութենէն:

Ժողովի ընթացքին, ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ քաղաքական ընդդիմութեան գործունէութեան սահմանափակման, ներկայ վարչակարգին կողմէ իրականացուող քաղաքական հետապնդման, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ-ի անդամներու բանտարկութեան հարցերուն: Իր զեկուցումին մէջ ան շեշտը դրաւ Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ ապօրինաբար պահուող 23 հայ պատանդներու շարունակուող կալանքին վրայ` կոչ ուղղելով անոնց անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակման:

Աւելի՛ն, զեկուցումը վերահաստատեց Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան իր հայրենիք վերադառնալու անժամանցելի իրաւունքը եւ ինքնորոշման իրաւունքը: ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչը ընդգծեց Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը` 2023 թուականի ցեղային զտման, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան համակարգուած ոչնչացման համար:

ՀՅԴ Երիտասարդականը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը` շարունակելու ըլլալ Եւրոպայի երիտասարդ ընկերվարներու կառուցողական, ներգրաւուած եւ գործունեայ լիիրաւ անդամ, համագործակցելով արդարութեան, ժողովրդավարութեան եւ հաւաքական իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպայի դրացի շրջաններուն մէջ:

Leave a Comment