24 տարեկան միջնապահ Թոմաս Ատորեան կը մնայ իր արժանթինեան Պանֆիլտ խումբին հետ, մանաւանդ երկարաձգելէ ետք իր պայմանագրութիւնը մինչեւ 2027:
2001-ին ծնած հայ ֆութպոլիստը Պանֆիլտի սան է: Ան մնացած է ակադեմիային 6-րդ դասակարգէն, եւ անցած տարիքային բոլոր կարգերէն:
Սան Փետրօ ծնած ֆութպոլիստը 2023-ի մարտին միացաւ հիմնական խումբին, բայց աւելի ուշ աշխատավարձով միացաւ Ուրուկուէյի Ռամպլա Ժունիորզ խումբին` ձեռք ձգելով մարզական լաւ վիճակ մէկուկէս տարեշրջանի ընթացքին:
2025-ին ան վերադարձաւ Պանֆիլտ` կատարելով 24 ելոյթներ: Անոր ելոթները լուռ չանցան, եւ ան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ազգային խումբ` մասնակցելով ազգային խումբին հետ 2 բարեկամական մրցումներու: