Բագրատունի. «Օրինագիծը Ելեւմտական Բացի Օրէնք Կոչելը Տագնապն Ու Տեղի Ունեցած Գողութիւնը Շպարել Է»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ուրբաթ երեկոյեան ժամը 6:00-ին հիւրն էր «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի «Լուպնանիա» յայտագիրին, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի եւ շրջանի վերջին զարգացումներուն:

Բագրատունի հարցազրոյցի սկիզբը նշեց. «Օրինագիծը ելեւմտական բացի օրէնք կոչելը տագնապն ու տեղի ունեցած գողութիւնը շպարել է»` աւելցնելով. «Պահ դրուած գումար ունեցող լիբանանցին իրողապէս միակն է, որ անոր հետեւանքները կը կրէ»:

«Ելեւմտական կարգաւորման օրինագիծը քուէարկուելէ առաջ խորհրդարանին մէջ խոր քննարկումի եւ մանրակրկիտ քննութեան կը կարօտի», շեշտեց ան:

Բագրատունի մատնանշեց. «Անցնող ամիսներուն միջազգային պատուիրակներու խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ զինաթափման վրայ, մինչ բարեկարգումները, ելեւմտական հաշուեքննութիւնն ու վերաշինութիւնը անոր կցորդուած կէտեր էին»:

Անդրադառնալով պատերազմի վերսկսման կարելիութեան` Բագրատունի հարց տուաւ. «Կ՛ըսեն, թէ պատերազմը հեռացուեցաւ, սակայն հարցումը այն է, թէ ինչպէ՞ս, մինչեւ ե՞րբ եւ ի՞նչ գնով»` աւելցնելով. «Իսրայէլի հիմնական նպատակը ամբողջ այս շրջանին տիրելն է»:

Ան վերյիշեցուց պատմութեան ընթացքին Միջին Արեւելքին տիրելու Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միացեալ ծրագիրը, ինչ որ ամբողջովին հեռու է այն պատկերէն, որով կը փորձեն աշխարհը, մասնաւորաբար Կազայի հարցին մէջ, համոզել` ընդգծելով, որ Թուրքիա-Իսրայէլ ռազմավարական դաշինքը եւ առեւտրական համաձայնագիրները տակաւին ի զօրու են:

«Իսրայէլի դէմ Թուրքիոյ կեցուածքները անպայմանօրէն Կազայի եւ Լիբանանի առնչուած չեն, այլ Սուրիոյ», նշեց Բագրատունի:

Պատասխանելով «Լիբանանի հարցով յառաջիկայ տարուան նկատմամբ լաւատե՞ս էք» հարցումին` Բագրատունի յայտնեց. «Միայն լաւատես կրնանք ըլլալ»:

Leave a Comment