Սալամ. «Ելեւմտական Բացի Օրէնքը Բարեկարգումի Նախաքայլն Է, Եւ Գնդակը Խորհրդարանի Դաշտն Է»

Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Նախարարաց խորհուրդի` ելեւմտական բացի օրէնքը վաւերացնելը փրկութեան եւ բարեկարգումի նախաքայլն է եւ կը զուգորդուի լիակատար թափանցիկութեան` պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերու տարիներ շարունակ սպասուած իրաւունքները վերականգնելու համար»:

«Գնդակը խորհրդարանի դաշտն է, եւ բոլոր կարծիքները կը յարգենք», աւելցուց ան:

«Այժմ կը կեդրոնանանք խորհրդարանական ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելուն վրայ: Կառավարութիւնը անոնց կը պատրաստուի, ամբողջովին պատրաստ է եւ անոնց կայացման վրայ պիտի աշխատի», ըսաւ Սալամ:

«Նախարարաց խորհուրդը տարբեր քաղաքական, դիւանագիտական, ապրուստի, ընկերային, առողջապահական, կրթական եւ մարդոց արժանապատիւ կեանքի ապահովման վերաբերող բոլոր հարցերուն մէջ հայրենիքին ու քաղաքացիին նկատմամբ իր պարտաւորութիւնը կը կատարէ», յայտնեց վարչապետը:

 

Leave a Comment