Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պետական նախարար Մոհամետ Պըն Ապտելազիզ պըն Սալեհ Խալէյֆի ժողով գումարեց Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ լիբանանեան հարցերով խորհրդական Եազիտ Պըն Ֆահտ Ֆարհանի հետ, որ այժմ երկիր կ՛այցելէ»:
Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն հրապարակելով յայտնեց. «Ժողովի ընթացքին արծարծուեցան երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան յարաբերութիւնները, անոնց աջակցելու եւ զանոնք ամրապնդելու կարելիութիւնները, Լիբանանի մէջ կացութեան զարգացումները եւ երկու երկիրներուն միջեւ լիբանանեան թղթածրարին վերաբերեալ համակարգումի հասարակաց ջանքերը»:
«Խլէյֆի ժողովի ընթացքին վերահաստատեց Լիբանանին աջակցող Քաթարի դիրքորոշումը եւ շարունակ եղբայրական լիբանանցի ժողովուրդի կողքին կանգնիլը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: