Ռաֆայէլ Ալքանթարա Տօ Նասիմենթօ, որ աւելի ծանօթ էր Ռաֆինիա Ալքանթարա անունով, լքեց իր ֆութպոլի ասպարէզը 32 տարեկանին:
Պարսելոնայի նախկին միջնապահը քանի մը անգամ ծունկի վիրաբուժութեան ենթարկուած էր եւ չէր կրցած իր նախկին մակարդակին վերադառնալ:
Իր հրաժեշտի խօսքին մէջ, պրազիլցի ֆութպոլիստը նշեց, որ ասիկա իր կեանքի ամէնէն դժուար որոշումներէն մէկն էր, քանի որ ֆութպոլը իր ամբողջ կեանքն էր, սակայն այժմ սկսած է նոր եւ հետաքրքրական հանգրուան մը: Ռաֆինիա, որ Պարսելոնայի սան է, քաթալոնական ակումբին հետ եղած է 2006-էն 2020, եւ այս ժամանակաշրջանին վարձավճարով կարճ ժամանակով փոխ տրուած էր Սելթային եւ Ինթեր Միլանին:
2020-էն 2022 միացած է Փարիզ Սեն Ժերմենի, որուն հետ 28 ելոյթ ունեցած է: Սոսիետատի հետ 17 մրցումներ կատարելէ ետք 2022-ին ան միացած է Քաթարի Արապի խումբին, բայց 3 տարուան ընթացքին միայն 29 մրցումներ կատարած է:
Ան մաս կազմած է նաեւ Պրազիլի ազգային խումբին (2015-ին)` կատարելով 2 մրցումներ եւ նշանակելով կոլ մը Միացեալ Նահանգներու դէմ:
Իր փայլուն ասպարէզին ընթացքին Ռաֆինիա 4 անգամ յաղթած է Սպանիոյ «Լա լիկա»-ն, ինչպէս նաեւ դարձած է Ֆրանսայի ախոյեան: