Սպանացի մարզիչ Ունայ Էմերի վերջերս մրցանիշ արձանագրեց «Փրեմիեր լիկ»-ի Ասթոն Վիլա ակումբի պատմութեան մէջ:
Պերմինկհամ քաղաքի այս 120-ամեայ ակումբը առաջին անգամ ունեցած է մարզիչ մը, որ 2 անգամ յաջորդական 10 մրցումներ կը յաղթէ «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ:
Ասթոն Վիլա այժմ 3-րդ դիրքը կը գրաւէ 36 կէտերով` մէկ կէտով ետ մնալով Մանչեսթըր Սիթիէն եւ 3 կէտով` Արսենալէն:
54 տարեկան Էմերի նախապէս մարզած է Սեւիլիան, որուն հետ 3 յաջորդական տարիներ կրցած է շահիլ «Եուրոփա լիկ»-ը` 2014-էն 2016, ապա 2021-ին շահած է «Եուրոփա լիկ» մը եւս Վիարէալի հետ, մինչ Արսենալի հետ կորսնցուցած է 2019-ի աւարտականը: