Կուարտիոլա. «3 Քիլօ Աւելցողը… Պիտի Պատժուի»

Արեւմտեան Սուրբ Ծնունդը կը նշուի այս գիշեր: Բնականաբար տօներու ժամանակ նոյնիսկ մարզիկները կրնան շեղիլ սննդակարգի ճիշդ ձեւէն: Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա այս կապակցութեամբ իր մեկնաբանութիւնը տուած է իր ակումբի տղոց:

«Երկուշաբթի օր անոնք կշռուեցան: Ամէն ինչ կատարեալ է, բայց երբ 25 դեկտեմբերին վերադառնան, մենք զանոնք կրկին կը կշռենք` տեսնելու համար, թէ արդեօք որեւէ մէկը աւելորդ կշիռք ունի՞: Երեք հանգստեան օրերէ ետք կ՛ուզեմ տեսնել, թէ ի՛նչ վիճակով պիտի վերադառնան: Ես պիտի վերահսկեմ, թէ քանի քիլօ աւելցած են: Եթէ մէկը երեք քիլօ աւելի կշռէ, ան պիտի չմեկնի Նոթինկհամ Ֆորեսթի դէմ խաղին եւ պիտի մնայ Մանչեսթըր, ըսած է Կուարտիոլա:

«Փրեմիեր լիկ»-ի 18-րդ հանգրուանին գծով Նոթինկհամ Ֆորեսթ – Մանչեսթըր Սիթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 27 դեկտեմբերին:

 

 

Leave a Comment