Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ կը սպասուի, որ յառաջիկայ տարուան սկիզբը նախատեսուած նախարարաց խորհուրդի նիստի ընթացքին յայտարարուի մեկնարկը զէնքի մենաշնորհման լիբանանեան բանակի ծրագիրի իրագործման երկրորդ փուլին որ պիտի ըլլայ հարաւէն Լիթանի գետի ափէն, հիւսիս Աուալի գետի ափ երկարող շրջանին միջեւ, երրորդ փուլը` Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի մէջ, չորրորդը` Պեքայի մէջ, իսկ անկէ ետք մնացեալ շրջանները:
Սալամ մերժեց Լիթանիէն հարաւ գտնուող շրջանին մէջ զէնքի մենաշնորհման գործողութեան արդիւնքներուն վերաբերեալ բանակի մանրամասն զեկուցումը ստանալէ առաջ կառավարութեան յաջորդ քայլերուն մասին խօսիլ, սակայն վստահեցուց, որ լիբանանեան բանակին կատարածը Լիթանի գետէն մինչեւ հարաւային սահմաններ երկարող շրջանին մէջ պետութեան իշխանութեան ամբողջական տարածման յանգեցուց, բացի Իսրայէլի բռնագրաւած հինգ կէտերէն, որոնցմէ վերջինս պէտք է առանց ուշացումի հեռանայ:
Վարչապետը ըսաւ, որ նախարարաց նիստը պիտի գումարուի յառաջիկայ տարուան սկիզբը գնահատելու համար առաջին փուլը` ընդգծելով, որ Իսրայէլ պէտք է փոխադարձ քայլեր կատարէ եւ յարձակումներն ու թշնամական արարքներու դադրեցման որոշումի խախտումները դադրեցնէ: Ան աւելցուց սակայն, որ ատիկա չի կրնար արգելք հանդիսանալ Լիբանանին անցումին զինաթափման ծրագիրի երկրորդ փուլին, որ մինչեւ Աուալի գետ կ՛երկարի, եւ համեմատաբար մեծ շրջան է:
Սալամ նշեց, որ հարցերը կախեալ են Լիբանանի բարեկամներուն օգնութեամբ բարգաւաճման եւ վերաշինութեան համար Հըզպալլայի զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու եւ հարաւային Լիբանանի մէջ պետութեան հաստատութիւններու աշխատանքն ու պետութեան ներկայութիւնը կեանքի կոչելու անցում կատարելու դրական ընկալումէն:
Վարչապետը վերստին ընդգծեց, որ զէնքի մենաշնորհումը «միջազգային պահանջ ըլլալէն առաջ լիբանանեան կարիք է», ինչպէս նաեւ բոլորը պէտք է հետաքրքրուած ըլլան այս հոլովոյթը յաջողցնելով` դուրս գալու համար բռնութեան ու անկայունութեան ոլորապտոյտէն, որ անցեալ փուլին տիրած է: