Արցախի Գերի Ղեկավարները Պաքուի Մէջ Հանդէս Կու Գան Եզրափակիչ Խօսքերով. Դատախազը Կը Պահանջէ Ռուբէն Վարդանեանը Ցմահ Բանտարկութեան Դատապարտել

Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ աւարտին կը մօտենայ Արցախի նախկին ղեկավարներու դատավարութիւնը։ Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, երէկ անոնք սկսած են հանդէս գալ եզրափակիչ խօսքերով։

Նախանցեալ օր, Պաքուի մէջ ընթացող դատավարութեան ընթացքին դատախազը պահանջած է Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը դատապարտել ցմահ ազատազրկման:

Աւելի կանուխ Ռուբէն Վարդանեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էր իր աւագ որդիին՝ Դաւիթ Վարդանեանի հետ, յայտնելով, որ յառաջիկային իրեն պիտի տրուի եզրափակիչ խօսքի կարելիութիւն:

Վարդանեան նշած է, որ իր ելոյթին մէջ կը պատրաստուի ընդգծել՝ «տեղի ունեցողը չեմ ընդունիր իբրեւ դատական գործընթաց եւ մտադիր չեմ մասնակցիլ արդարադատութեան պատրանքին: Պաքուի մէջ տեղի ունեցող այս գործընթացը չի համապատասխաներ արդար դատաքննութեան հիմնական չափանիշերուն եւ, հետեւաբար, չի կրնար նկատուիլ դատաքննութիւն՝ ատոր իրական իմաստով»։

«Պէտք չէ վախնալ մահէն կամ փորձել «յաղթել» անոր: Մահը սարսափելի չէ: Սարսափելի է անտարբերութիւնը, որ աննկատ, աստիճանաբար, կարծես կը ճառագայթէ, կը թափանցէ մեր մէջ եւ ներսէն կը քայքայէ», ընդգծած է Արցախի նախկին պետական նախարարը:

Leave a Comment