Լիբանանեան լրատուադաշտին մէջ հնչեղութիւն ստացաւ Հըզպալլայի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատուին Սէուտական Արաբիա մեկնումը։ Ուշագրաւ էր, որ կը հաղորդուէր, որ եռօրեայ այս հանդիպումները երաշխաւորուած եւ միջնորդաւորուած են Թուրքիոյ կողմէ։ Կայ նաեւ լիբանանեան բաժինը՝ նախագահի գիտակցութեամբ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախագահի տնօրինութեամբ։
Շրջագիծը լրատուութեան այս ձեւով կþամբողջացուի։ Որոշ արձանագրումներ անպայման պէտք է կատարել այս առիթով։
Նախ, անմիջապէս մտաբերել Փեքինի մէջ Չինաստանի միջնորդութեամբ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպումը եւ ազդարարումը դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման մեկնարկին։
Թուրքիոյ միջնորդութիւնը մտածել կու տայ այստեղ։ Ռիատը եւ Անգարան մրցակից պետութիւններու կարգավիճակ ունին տարածաշրջանին եւ յատկապէս արաբական աշխարհին մէջ ազդեցութեան գօտիներու ստեղծման բախումներով։ Այդ օրինակները տարբեր երկիրներու մէջ իրենց բացայայտ դրսեւորումները ստացած են եւ կը շարունակեն ստանալ։
Մինչ Թել Աւիւ-Պէյրութ բանակցային գործընթաց «Մեքանիզմ»-ի ձեւաւորման մասին պաշտօնական հրապարակումներ կը կատարուին, այս առիթով կը հաղորդուի, որ հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահները տեղեակ են այս գործընթացին մասին. աւելի՛ն՝ կը տնօրինեն նաեւ զայն։
Իսրայէլեան սպառնալիքներու սաստկացման, միջազգային ընտանիքի եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու կողմէ ժամկէտի սպառման պարագային իսրայէլեան յարձակումներուն կանաչ լոյս տալու պաշտօնական յայտարարութիւններուն բովին մէջ, Սէուտական Արաբիան կը հիւրընկալէ Հըզպալլայի ներկայացուցիչը։
Նման հիւրընկալում մը անպայման պէտք է ունենայ ամերիկեան համաձայնութիւն։ Համակարգում նոյնիսկ։ Հակառակ Ուաշինկթըն-Թեհրան բանակցութիւններուն առկախուած ըլլալուն, քաղաքականօրէն հասկնալի է, որ երկու պետութիւններն են, որոնք միջնորդաւորուած կը բանակցէին այս պարագային Սէուտական Արաբիոյ մէջ։
Վերադառնանք Անգարայի գործօնին։ Անգարայի դերակատարութիւնը կամ երաշխաւորութիւնը այս գործընթացին տեսականօրէն հաշտ չþընկալուիր Ռիատի կողմէ։ Թուրքիան, Կազայի կայունացման ուժերուն մաս կազմելու կþինքնաառաջադրուի, եւ այդ առաջադրումը զօրակցութիւնը կը վայելէ Ուաշինկթընին։ Առատ են այն վերլուծումները, որոնք շրջանին մէջ Իրանի դերի վերասահմանումի գործընթացին մէջ կը տեսնեն Անգարայի աշխուժացումը։
Այս բոլոր իրադրութիւններու խճանկարը տեսանելի կը դարձնէ Մեքանիզմի համար ենթահողի պատրաստութիւն մը։ Եթէ Մեքանիզմը Թել Աւիւ-Պէյրութ միջդիւանագիտական է զինուորական բաղադրութեան կողքին, ապա Ռիատի մէջ կատարուածը, առաջին նախընթացն է իր ձեւաչափով եւ որ ըստ էութեան գետնի վրայ ենթահողի ձեւաւորման առումով որոշիչ է։
«Ա.»
