ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի Մասնաճիւղի Նախաձեռնութիւնը` «Յիշենք Մեր Տարեցները» – Aztag Daily

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի մասնաճիւղի վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին ու խմբապետական կազմին, կիրակի, 14 դեկտեմբեր 2025-ին տեղի ունեցաւ «Յիշենք մեր տարեցները» խորագիրով ձեռնարկը:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան շրջաններէն մեծ թիւով տարեցներ: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Սագօ Գրիգորեան, որ ներկաներուն յղեց տարուան աւարտի եւ Սուրբ Ծննդեան լաւագոյն մաղթանքները` տարեցներէն խնդրելով միշտ յիշել ՀՄԸՄ-ը իրենց աղօթքներուն մէջ: Ան նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նուիրատուներուն:

Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինը ճոխացուցին երգիչներ Հրակ Գերսոյեանն ու Ռոզալի Պօղոսեանը: Այնուհետեւ խօսք առաւ այս առիթով հրաւիրուած Ալվարդ Գալօղլեան, որ իր սրտի խօսքով արտայայտեց իր ամբողջական սէրն ու նուիրումը, ներկաներուն մաղթեց առողջութիւն եւ երկար ու երջանիկ կեանք:

Երկու ժամ տեւած ձեռնարկին ընթացքին ներկաները երգեցին, պարեցին եւ վայելեցին Կաղանդ պապային ներկայութիւնը: Ձեռնարկի աւարտին անոնք հիւրասիրուեցան Սկաուտական խորհուրդին կողմէ պատրաստուած կէսօրուան ճաշով, սկաուտներու պատրաստած ուտեստեղէնով, ապա ստացան իրեց Նոր տարուան նուէրները: Անոնք տուն վերադարձան գոհունակ սրտով` դարձեալ միանալու խոստումով:

Leave a Comment