Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր յանձնակատար Քայա Քալլաս յայտարարած է, որ Հայաստանը կ՛ակնկալէ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընդառաջ խառնաձեւ (հիպրիտային) սպառնալիքներուն դէմ պայքարելու համար:
«Անոնք այնպիսի օգնութիւն խնդրած են, ինչպիսին մենք տրամադրեցինք Մոլտովային` չարամիտ ազդեցութեան դէմ պայքարելու համար», ըսած է Քալլաս:
Ըստ Քալլասի, Եւրոպական Միութիւնը 15 միլիոն եւրօ կը տրամադրէ Հայաստանին խաղաղութեան եւ դիմակայունութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ աջակցութիւն` տեղեկատուական դաշտին մէջ մարտահրաւէրները դիմակայելու համար:
Այս յայտարարութիւնը ուղղակի ծալքերը կը բանայ տարածաշրջանին մէջ կիրարկուող մեծ քաղաքականութեան, եւ ներքին-արտաքին գետիններու վրայ առնուած քայլերուն շարժառիթներուն վրայ լուսարձակներ կը բանայ:
Նախ, երբ հայկական պաշտօնական լրատուամիջոցը նման լրատուութիւն կը հրապարակէ առանց որեւէ վերապահութիւն հաղորդելու նիւթին, այդ կը նշանակէ, որ հայկական կողմէն դիմումը հարցականի տակ չէ: Այս մասին պաշտօնական դիրքերէ եւս արձագանգ չէ կատարուած:
Եւ եթէ այդպէս է, ուրեմն պէտք է փորձել վերլուծել այս յայտարարութեան առաջադրանքները: Նախ եւ առաջ կայ ընտրապայքար` Եւրոպայէն աջակցութիւն սպասող կողմին եւ երկրին դէմ խառնաձեւ (հիպրիտային) պատերազմ յայտարարած միաւորին միջեւ: Այլ խօսքով` Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան:
Կողմերուն հասցէականութիւնը պարզ կը դառնայ, որովհետեւ կը տրուի Մոլտովայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն օրինակը: Իսկ այստեղ արդէն այնքան բացայայտ կը դառնայ ըսուածը, որ Քալլաս «չարամիտ ազդեցութիւն» ձեւակերպումը կ՛օգտագործէ: Ակնկալուած օժանդակութիւնը Մոլտովայի նկատմամբ Եւրոպայի տրամադրած աջակցութիւններն են:
Այս բոլորին յետագիծը տեսանելի է: Ըստ այս տրամաբանութեան, ընդդիմադիր դաշտին դէմ կատարուող բռնաճնշումները, Սամուէլ Կարապետեանէն մինչեւ սրբազաններ եւ քաղաքական հայեացքներու համար բանտարկուածներ, անցնելով եկեղեցւոյ դէմ կիրարկուող արշաւէն, պէտք է ընկալել նախապատրաստութիւն 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Այս բոլորը ոչ միայն եւրոպական կառոյցներուն կողմէ չեն նկատուիր մարդու իրաւունքներու, տեսակէտի, արտայայտութեան ազատութեան դէմ ճնշումներ, այլ նաեւ կ՛ողջունուին այս ձեւով: Ասոնք կը նկատուին «չարամիտ ազդեցութեան» դէմ պայքարի միջոցներ, որոնք ստացած են եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ պիտի ստանան Եւրոպայի օժանդակութիւնը: Քալլաս յիշած է նիւթական աջակցութեան մէկ չափաբաժինը, անուղղակիօրէն ըսելու համար, որ որքան սաստկանան ռուսական ազդեցութեան դէմ Երեւանին առնելիք քայլերը, այնքան կը բազմանան նաեւ ֆինանսական օժանդակութիւնները:
Այս շրջածիրին մէջ աւելորդ պիտի չըլլայ յիշելը, որ Երեւանը յառաջիկայ մայիս 5-ին պիտի հիւրընկալէ Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական Միութիւն առաջին գագաթնաժողովը: Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան ղեկավարներ եւ առաջին դէմքեր, որոնց շարքին` Եւրոպական խորհուրդի եւ եւրոպական յանձնաժողովի նախագահները:
Անկախ գագաթնաժողովը Երեւանի մէջ կազմակերպելէ, յատկանշական է թուականը` մայիս 5: Ուղիղ մէկ ամիս առաջ յունիսի ընտրութիւններէն: Այն օժանդակութիւնը, որուն համար դիմած էր Երեւանը, կը ստանայ նաեւ գագաթնաժողովի ճամբով:
Այս հանգամանքները կը բացայայտեն Երեւանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական, տնտեսական, եկեղեցական իրադարձութիւններու շարժառիթներուն առանցքները:
«Ա.»