Թրամփ. «Նուրի Մալիքիի Ընտրութեան Պարագային Ամերիկան Իրաքին Օժանդակութիւն Պիտի Չտրամադրէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ եթէ Նուրի Մալիքին Իրաքի վարչապետ ընտրուի, Միացեալ Նահանգները Իրաքին օգնութիւն պիտի չտրամադրեն: Միացեալ Նահանգներու նախագահը «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ գրեց. «Անոր քաղաքականութեան եւ խենթ գաղափարախօսութեան պատճառով, եթէ ան ընտրուի, Միացեալ Նահանգները ապագային Իրաքին որեւէ օգնութիւն պիտի չտրամադրեն»: «Վերջին անգամ, երբ Մալիքին իշխանութեան վրայ էր, երկիրը դէպի աղքատացում … Read more

Ամերիկեան Իշխանութիւնները Սկսած Են Վենեզուելական Գումարները Ապասառեցնել

Վենեզուելայի նախագահի պաշտօնակատար Տելսի Ռոտրիկեզ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ սկսած են ապասառեցնել պատժամիջոցներուն պատճառով սառեցուած վենեզուելական գումարները: Ռոտրիկեզ, որ նախագահի պաշտօնակատարի պաշտօնը ստանձնեց նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի ամերիկեան ուժերու կողմէ ձերբակալումէն ետք,  պատկերասփիւռէն յայտնեց. «Մենք սկսած ենք վերացնել սառեցումը Վենեզուելայի հաշիւներուն, որոնք վենեզուելացի ժողովուրդի սեփականութիւնն են»: «Պիտի կարենանք այդ մեծ հաշիւները ներդրել հիւանդանոցերու սարքաւորման համար: Անոնք … Read more

Շարհ-Թրամփ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Սուրիոյ նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հեռաձայնած է Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի եւ անոր հետ քննարկած է Սուրիոյ մէջ փոխանցման փուլի զարգացումները, անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման կարելիութիւններն ու երկկողմանի գործակցութեան հորիզոնները, ի շահ շրջանային ու միջազգային կայունութեան: Ըստ Սուրիոյ նախագահական պալատին, Թրամփ Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը յայտնած է միացեալ եւ հզօր պետութեան … Read more

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Շաբաթ օր Քննչական կոմիտէ հրաւիրուած են Յովնան եպս. Յակոբեան, Մակար եպս. Յակոբեան եւ տէր Մովսէս քահանայ: Աւելի կանուխ փաստաբան Արա Զոհրաբեան յայտնած էր, որ «շաբաթ առաւօտէն ոստիկանութեան միջոցով ծանուցագիրներ կը յանձնուին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի եպիսկոպոս անդամներուն` իբրեւ մեղադրեալ  Քննչական կոմիտէ ներկայանալու համար»: Փաստաբանին համաձայն, եպիսկոպոսները կը մեղադրուին դատական վճիռի կատարման խոչընդոտելու արարքի յանցանքով: Քննչական կոմիտէն … Read more

Լոնդոնը վտարում է ռուս դիվանագետին

Սեղմեք ԱՅՍՏԵՂ, լրացրեք օնլայն հայտը և մոռացեք հոսանքի վարձի մասին  Մեծ Բրիտանիան ռուս դիվանագետ Անդրեյ Կելինին հայտարարել է անցանկալի անձ։ Միացյալ Թագավորության կառավարությունը չեղյալ է հայտարարել Լոնդոնում Ռուսաստանի դեսպանատան աշխատակցի դիվանագիտական ​​հավատարմագրումը, ասվում է երկրի Արտաքին գործերի և համագործակցության նախարարության հայտարարության մեջ։ Այս որոշումը կայացվել է բրիտանացի դիվանագետի Մոսկվայից արտաքսման համար, որի մասին Ռուսաստանը հայտարարել էր հունվարի 15-ին։ Որոշման մեջ ընդգծվել է, որ … Read more

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի տարածքով հացահատիկով բեռնուած վակոններ ուղարկուած են Հայաստան, կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: Կը նշուի, որ տարանցումով Ռուսիայէն Հայաստան ուղարկուած է 25 վակոն հացահատիկ` 1.746 թոն ընդհանուր կշիռքով: Այս պահու դրութեամբ Ռուսիայէն Ազրպէյճանով տարանցումով արդէն Հայաստան ուղարկուած է հացահատիկով բեռնուած 285 վակոն` մօտ 19 հազար 900 թոն հացահատիկ: 2025-ի վերջին Հայաստան Ազրպէյճանի տարածքով սկսաւ հացահատիկ … Read more

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

Հայաստանի Եւրոպական Միութեան հետ հարկադիր մերձեցումը բացասական հետեւանքներ պիտի ունենայ թէ՛ Ռուսիոյ հետ անոր դաշնակցային յարաբերութիւններուն վրայ, թէ՛ ալ յետխորհրդային տարածքին մէջ համարկումի հոլովոյթներու զարգացման համար: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպական խնդիրներու վարչութեան տնօրէն Վլատիսլաւ Մասլեննիքով: Մեկնաբանելով Եւրոպական Միութեան միանալու Երեւանի մտադրութիւնը` ան նշած է, … Read more

Գերմանիոյ Մէջ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Դեսպանները Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ Տիրող Կացութիւնը

Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վիքթոր Ենգիբարեան եւ Ազրպէյճանի դեսպան Նասիմի Աղայեւ 27 յունուարին Պունտըսթակի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Արմին Լաշեթի հրաւէրով մասնակցած են «Հարաւային Կովկասի մէջ շրջադարձային ժամանակներ. Պատմական խաղաղութիւն Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ, Գերմանիոյ դերը եւ Եւրոպայի նոր արեւելեան կապը» խորագիրով քննարկումին: Այս մասին կը հաղորդէ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը: Հայաստանի Հանրապետութեան … Read more

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանն ու Սուրիան յառաջիկայ շաբաթ համաձայնութիւն մը պիտի կնքեն` լիբանանեան բանտերուն մէջ գտնուող շուրջ 300 սուրիացի կալանաւորուածներ յանձնելու հարցով: Մըթրի ըսաւ, որ կառավարութեան ուրբաթ օր հաւանութիւն տուած համաձայնութիւնը պիտի ներառէ շուրջ 300 սուրիացի դատապարտեալներու, որոնք լիբանանեան բանտերուն մէջ 10 եւ աւելի տարիներ մնացած են: … Read more

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի` առ ի պատրաստութիւն նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի ահաբեկման 21-ամեակին, Պեքայի մէջ շրջապտոյտի առաջին օրուան ընթացքին հոսանքի կեդրոնական Պեքայի մասնաճիւղին հետ հանդիպումներու շարք մը ունեցաւ: Հարիրի ներկաներուն փոխանցեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ողջոյնները եւ գնահատանքը կեդրոնական Պեքայի եւ ամբողջ Լիբանանի մէջ գտնուող Մուսթաքպալ հոսանքի բոլոր կողմնակիցներուն եւ անձնակազմին` «նահատակ վարչապետ … Read more