Սուրբ Յարութեան Տօնին` Զատիկի Մեռելոցին Առիթով. Քրիստոս Ի՛ր Մահով Մահուան Յաղթեց
ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ Եկեղեցական օրացոյցին համաձայն, Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին յաջորդող երկուշաբթին մեռելոց կը կոչուի: Հայ եկեղեցիի հինգ տաղաւար տօներուն (Քրիստոսի Ս. Ծնունդ եւ Աստուածայայտնութիւն, Քրիստոսի Ս. Յարութիւն, Քրիստոսի պայծառակերպութիւն (Վարդավառ), Ս. Աստուածածինի Վերափոխում եւ Խաչվերաց) յաջորդող օրը մեռելոց է: Մեռելոցի օրերուն գերեզմանատուն կ՛երթանք, մեր ննջեցեալներուն կ՛այցելենք եւ անոնց շիրիմներուն վրայ կ՛աղօթենք: Սուրբ Զատիկի եկեղեցական … Read more