Պրիւքսելը Նպատակ Ունի Ջնջելու Յաղթանակի Օրը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Եւրոյանձնաժողովը կը ծրագրէ թիրախաւորել այն առաջնորդները, որոնք կ՛անտեսեն ոչ պաշտօնական արգելքը եւ ներկայ կ՛ըլլան Մոսկուայի յոբելենական շքերթին: Այս է խորագիրը եւ ենթախորագիրը Իկոր Լաւլիանսքիյի 21 ապրիլ 2025-ի «Ճէոֆոր»-ի (GEOFOR Center for geopolitical forecasts) կայքէջին մէջի յօդուածին (1), որ ստորեւ կը թարգմանեմ: Նախ` իմ կողմէս 8-9 մայիսի մասին: Այս տարի 80-ամեակն է Գերմանիոյ սկսած … Read more

Վարշաւայէն Վատիկան Շարունակուող Ապիկարութիւնը Եւ Ինքնադատութեան Կողմնացոյցը

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ Վարշաւայի սլաքը Վարշաւայի սլաքը կը յուշէ եւ կ՛ընդգծէ 24 մայիս 2024-ին Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ «Քրիստոնէական ժառանգութիւնը Ազրպէյճանի բազմամշակութային ինքնութեան մէջ» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսը, որ մինչեւ 7 յունիս շարունակուեցաւ, եւ որուն մանրամասնօրէն անդրադարձանք [1] եւ բոլոր յարակից հանգամանքները մի առ մի բերելով վերծանեցինք` բացայայտելով Կաթողիկէ եկեղեցւոյ տեղւոյն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու ապիկար ներգրաւումը այդ … Read more

Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Ան, որ ծանօթ է Մուսա Լերան ժողովուրդին, գիտէ, որ այս մարդիկ «խենթ» են: Եթէ այդպէս չըլլային, դժուար թէ մտածէին ոտքի կանգնիլ թրքական բանակին դէմ 1915-ին` մեծ մասով որսի հրացաններով զինուած: Այո՛, մուսալեռցիները յամառ են, անվախ եւ բնազդով` քիչ մը կռուազան: Այս նկարագրային յատկանիշները պատճառ դարձան, որ 1915-ին արձանագրեն հերոսական դիմադրութիւն մը Մուսա Լերան … Read more

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Արցախում եռատօն է, հպարտութեան եւ յաղթանակի տօն: 1992-ին Շուշիի յաղթական ազատագրումով հայկական կողմը ամրագրեց իր յաղթանակը: 2020-ին, Շուշիի յանձնումով` իր պարտադրուած պարտութիւնը: Ինչպէս Շուշիի ազատագրումով արձանագրուեցին մեր հետագայ յաղթանակները, նրա կորուստով էլ արձանագրուեցին մեր հետագայ պարտութիւնները: Հայաթափուած Արցախ, անորոշութեան եւ աշխարհաքաղաքական խաղերի ճիրաններում յայտնուած ժողովրդի իրաւունք: Պաքուի բանտերում գտնուող ռազմական եւ քաղաքական ղեկավարութիւն, խեղուած ճակատագրեր, … Read more

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է» – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Սրտցաւ ընկերներէս մէկը հարց կու տար, թէ ի՞նչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ: Խորհրդարանին մէջ, վարչապետը կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանի նիստի ընթացքին իրեն տրուած հարցերէն վրդովուած` ջլախտաւորի մը նման բացագանչութիւններ կը կատարէ, ձեռքով մորթելու նշան կը կատարէ ու կը սպառնայ ազգային անվտանգութեան նկուղներուն մէջ արգելափակել հարցապնդող ընդդիմադիրները: Ազգային ժողովի նախագահը, որ ընդդիմադիր պատգամաւորի … Read more

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Առանց մասնաւոր անակնկալի մը սպասումով էր, որ ստանձնեցի Սեդա Խտըշեանի «Մեր տունը» աշխատութիւնը` «աչք մը նետելու» համար անոր վրայ, քանի որ ինծի այնքան ալ անծանօթ չէր այն տունը, որուն ենթադրաբար նուիրուած էր այս ձեռագիրը: Ես զայն ճանչցած էի վաղ մանուկ հասակէս, քիչ մը բոլոր հասակակիցներուս պէս: Ան կը գտնուէր մերինին կից թաղին մէջ, … Read more

Օգտակար Խորհուրդ Հայաստանի Հանրապետութեան` Ամերիկեան Լոպիական Ընկերութիւն Վարձակալելու Լոյսին Տակ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Վերջերս Հայաստանի Հանրապետութիւնը տուաւ անսովոր որոշում մը` վարձակալելով ամերիկեան լոպիական ընկերութիւն` Միացեալ Նահանգներու մէջ իր շահերը յառաջ մղելու համար: Քանի մը տարի առաջ Հայաստանի կառավարութիւնը Ուաշինկթընի մէջ վարձակալած էր այլ լոպիական ընկերութիւն մը, բայց` միայն կարճ ժամանակով: Նման ընկերութիւններու արժէքը գնահատելու եւ ըմբռնելու չգոյութեան պատճառով Հայաստանի ղեկավարները դժկամեցան անհրաժեշտ գումարներ ներդնել նման ընկերութիւն … Read more

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Բժշկուհի Էլիզա Մելքոն ծնած է Թուրքիա, 1889-ին: Ան ականատես եղած է թուրքերուն ձեռքով կատարուած Ատանայի ջարդերուն` 1895-ին: Ան Միացեալ Նահանգներ գաղթած է 1898-ին եւ ապրած է Մասաչուսեց նահանգին մէջ: 1912-ին, ան եղած է առաջին հայ ուսանողուհին, որ յաճախած է Tufts համալսարանի Բժշկական դպրոցը: Ան աւարտած է Բժշկական դպրոցը 1916-ին եւ վկայուած է … Read more

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երկու շառաչուն ապտակ ստացաւ երկու երեսներէն` իբրեւ արդիւնք Քանատայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Իշխանութիւնը պահող վարչապետը` ազատական Մարք Քառնի, եւ անոր մրցակիցը` պահպանողական Փիեր Փոլիեւ, գրեթէ նոյն բառերով պատգամներ ուղղեցին «նարնջագոյն մարդ»-ուն: Առաջինը յայտարարեց, որ Թրամփ կը փորձէ պառակտում ստեղծել քանատացիներուն միջեւ ու կոտրել անոնց դիմադրականութիւնը, որպէսզի տիրանայ երկրի հողին, … Read more

ԱՄՆ-Իրան Բանակցութիւններու Դժուար Ընթացքը, Իսրայէլ Եւ Հայաստան

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ Օմանի միջնորդութեամբ տեղի ունեցող բանակցութիւնները այժմ կը գտնուին նոր հարցականներու առջեւ: Իրանեան կողմի մայիսի 2-ին եւ 3-ին նախատեսուած հանդիպումները մէկ կողմէ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Մեծն Բրիտանիոյ եւ միւս կողմէ` ԱՄՆ-ի հետ վերջին պահուն յետաձգուեցան Ուաշինկթընէն հնչող հակասական յայտարարութիւններու պատճառով: Յստակ է, որ Իրան մեծապէս զգուշ է, որ բանակցային գործընթացը … Read more