Օգտակար Խորհուրդ Հայաստանի Հանրապետութեան` Ամերիկեան Լոպիական Ընկերութիւն Վարձակալելու Լոյսին Տակ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Վերջերս Հայաստանի Հանրապետութիւնը տուաւ անսովոր որոշում մը` վարձակալելով ամերիկեան լոպիական ընկերութիւն` Միացեալ Նահանգներու մէջ իր շահերը յառաջ մղելու համար:

Քանի մը տարի առաջ Հայաստանի կառավարութիւնը Ուաշինկթընի մէջ վարձակալած էր այլ լոպիական ընկերութիւն մը, բայց` միայն կարճ ժամանակով: Նման ընկերութիւններու արժէքը գնահատելու եւ ըմբռնելու չգոյութեան պատճառով Հայաստանի ղեկավարները դժկամեցան անհրաժեշտ գումարներ ներդնել նման ընկերութիւն մը վարձակալելու համար:

Նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ մարդոց մեծ մասը, ներառեալ` ամերիկահայերը, դոյզն չափով կ՛ըմբռնեն լոպիական ընկերութիւններուն կարեւոր դերակատարութիւնը` քաղաքականութեան մշակման առումով: Մեծահարուստ հայերը սովորաբար կը նախընտրեն իրենց նուիրատուութիւնները կատարել համայնքային հաստատութիւններուն, ինչպէս` դպրոցներ, եկեղեցիներ եւ մշակութային կեդրոնները, որոնք յաճախ իրենց անուններով կը կոչուին: Սակայն, եթէ անոնք իրենց նիւթական ներդրումը կատարեն հանրային կապերու ընկերութեան մը, անոնց անունը պիտի չգրուի որեւէ շէնքի պատին` նման ներդրումներու գրաւչութիւնը նուազեցնելով:

Ես լաւապէս գիտեմ լոպիական ընկերութիւններուն արժէքը, քանի որ երկու անգամ կազմակերպած եմ անոնց վարձակալումը հայկական կազմակերպութիւններու համար, հակառակ անոր որ երկու համաձայնագիրներն ալ կանխահաս կերպով դադրեցուած են:

Միւս կողմէ` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւնները տարիներու ընթացքին տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ ծախսած են բազմաթիւ ամերիկեան լոպիական-հանրային կապերու կարեւոր ընկերութիւններ վարձելու համար: Անսպասելի եւ անհանգստացնող էր յատկապէս այն, երբ թրքական կառավարութիւնը 2017-ին վարձակալեց հայ մը` Նիւ Եորքի 5W հասարակութեան հետ կապերու ընկերութեան նախագահ Ռոն Թորոսեանը` Թուրքիոյ համար հանրային կապեր մշակելու համար:

Վերադառնալով ներկային` նշեմ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը Միացեալ Նահանգներու իր դեսպանատան միջոցով ամսական դրութեամբ գործող համաձայնագիր կնքած է Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած «Մըրքըրի» հանրային ընկերութեան հետ` ամսական 50 հազար տոլար արժողութեամբ, 1 ապրիլ 2025-էն մինչեւ 31 մարտ 2026: «Մըրքըրի»-ի պարտականութիւնն է` «տրամադրել ռազմավարական խորհրդատուութիւն, լոպիինկ, հասարակութեան հետ կապեր եւ կառավարական յարաբերութիւններ, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարներու հետ կապերու հաստատում»:

Հետաքրքրական է, որ ո՛չ Հայաստանի կառավարութիւնը, ո՛չ ալ Ուաշինկթընի մէջ անոր դեսպանատունը կը յայտարարեն այս գործարքին մասին: Ամերիկեան լրատուամիջոցները այս տեղեկութիւնը բացայայտեցին նախորդ ամիս, երբ համաձայնագիրը 8 ապրիլ 2025-ին ներկայացուեցաւ Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան, ինչպէս կը պահանջէ «Օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրութեան օրէնք»-ը:

Անյայտ է, թէ Հայաստան ինչո՛ւ «Մըրքըրի» ընկերութիւնը ընտրած է Ուաշինկթընի հարիւրաւոր այլ ընկերութիւններէն: Հայաստան որեւէ բացատրութիւն չտուաւ այս ընտրութեան մասին:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի (ANCA) գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան «ԼինքտԻն»-ին վրայ արձագանգած է «Մըրքըրի»-ի վարձակալութեան. «Տասնեակ մեծ լոպիական ընկերութիւններ ունեցող քաղաքին մէջ (Ուաշինկթըն) Փաշինեան ընտրեց այն ընկերութիւնը, որուն դրամատնային հաշիւին մէջ թրքական գումարներ կան, իսկ ձեռքերուն`  հայկական արիւն»: Ան նաեւ հարց տուած է. «Արդեօք զուգադիպութի՞ւն է, որ Փաշինեանն ու Էրտողանը վարձած են միեւնոյն լոպիիստը»:

Համբարեան կ՛ակնարկէր «Մըրքըրի»-ի 2018-ին Թուրքիոյ հետ կնքուած համաձայնագիրին, զոր ընկերութիւնը խզեց 2020-ի հոկտեմբերին, երբ ան ենթարկուեցաւ հանրային ուժեղ ճնշման` Թուրքիան ներկայացնելուն համար, այն ժամանակամիջոցին, երբ այդ երկիրը ռազմականօրէն կ՛աջակցէր Ազրպէյճանին` Արցախ ներխուժման:

Տասնամեակներ շարունակ Ուաշինկթընի մէջ գործող երկու ամերիկահայ կազմակերպութիւնները` Ամերիկայի հայկական համագումարը եւ Հայ դատի յանձնախումբը, հայկական հարցերուն վերաբերող լոպիինկ կատարած են Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Բայց եւ այնպէս, նկատի ունենալով Հայաստանի կառավարութեան եւ այս երկու կազմակերպութիւններուն միջեւ համակարգման չգոյութիւնը, «Մըրքըրի»-ի վարձակալութիւնը հաւանաբար պիտի առաջնորդէ նոր հակասութիւններու, ինչ որ պիտի նուազեցնէ լոպիական ընկերութեան արդիւնաւէտութիւնը: Թէեւ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը որոշակի համագործակցութիւն ունի Ամերիկայի հայկական համագումարին հետ, բայց եւ այնպէս, ոչ մէկ կապ ունի  Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին հետ: Նկատի ունենալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անհանդուրժողականութիւնը` իր քաղաքականութեան համաձայն չեղողներուն նկատմամբ, կարելի չէ որեւէ ձեւի համագործակցութիւն դեսպանատան եւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին միջեւ: Իբրեւ հետեւանք այս իրավիճակին` Հայաստանի դեսպանատունը կրնայ «Մըրքըրի»-ին տալ այնպիսի քաղաքական հրահանգներ, որոնք կը հակասեն հայ-ամերիկեան երկու խումբերուն կողմէ ամերիկացի պաշտօնատարներուն ուղղուած պատգամներուն:

Օտար կառավարութիւններուն մեծ մասը սերտ կապեր ունի Միացեալ Նահանգներու իր համայնքին հետ` Ուաշինկթընի մէջ իր ազդեցութիւնը աւելցնելու համար: Ցաւօք,  այդպէս չէ Հայաստանի պարագային:

Համաձայնագիրը, զոր ստորագրուած է «Մըրքըրի»-ին կողմէ Ճոն Լոնըրկանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Լիլիթ Մակունցի միջեւ 1 ապրիլ 2025-ին, կը ճշդէ շարք մը ծառայութիւններ, զորս «Մըրքըրի»-ին համաձայնած է մատուցել Հայաստանի Հանրապետութեան.

«- Պաշտպանել յաճախորդին (Հայաստանի) շահերը Քոնկրեսին եւ վարչակազմին մէջ,

«- Ընդգծել (Հայաստանի) աշխարհաքաղաքական եւ ռազմավարական նշանակութիւնն ու դերը` իբրեւ Հարաւային Կովկասի մէջ Միացեալ Նահանգներու տարածաշրջանային եւ համաշխարհային շահերու կարեւոր գործընկեր,

«- Զարգացնել Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ տնտեսական, առեւտրական, ներդրումային եւ արհեստագիտական համագործակցութիւնը,

«- Յաճախորդը (Հայաստան) ներկայացնել իբրեւ հեղինակաւոր եւ վստահելի ապաւէն վարչական պաշտօնեաներու համար` համապատասխան հարցերը վերլուծելու եւ քննարկելու ընթացքին,

«- Ներգրաւել մտաւորականութիւնը` յաճախորդը հետաքրքրող հարցերու քննարկման,

«- Յաճախորդին տրամադրել ռազմավարական հաղորդակցութեան եւ լրատուամիջոցներու հետ կապերու ծառայութիւններ»:

Զգուշացում. հասարակութեան հետ կապերու եւ լոպիական ընկերութիւնները սովորաբար բարձր սակերով համաձայնագիրներ կը կնքեն իրենց յաճախորդներուն շռայլ խոստումներ տալէ ետք: Սակայն, առանց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան կողմէ «Մըրքըրի»-ին ամէնօրեայ գործունէութեան նկատմամբ խիստ վերահսկողութեան, Հայաստան արկածախնդրութեան կը դիմէ` վատնելով ամսական 50 հազար տոլար արժող իր նիւթականը: Իրենց յաճախորդները տպաւորելու միտումով այս ընկերութիւնները կ՛արտադրեն թոներով փաստաթուղթեր` ցոյց տալու համար, որ իրենք մնայուն կապի մէջ են տարբեր պաշտօնատարներու հետ: Նման թակարդէ խուսափելու համար Հայաստանի դեսպանատունը պէտք է «Մըրքըրի»-էն պահանջէ յստակ եւ արգասաբեր արդիւնքներ, եւ ոչ թէ` միայն հանդիպումներու եւ հեռաձայնային զրոյցներու վերաբերող զեկուցումներ:

www.TheCaliforniaCourier.com

Leave a Comment