Իրան-Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւնները` Հինգշաբթի Օր

Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր Պուսահիտի յայտնեց, որ Իրանն ու Միացեալ Նահանգները ներկայացնող բանագնացներ հինգշաբթի օր անգամ մը եւս անուղղակի բանակցութիւններ պիտի վարեն Ժընեւի մէջ: Պուսահիտի «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Ուրախ եմ հաստատելու, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները որոշուած են հինգշաբթի օր Ժընեւի մէջ` համաձայնութիւն գոյացնելու նպատակով յաւելեալ քայլ կատարելու դրական մտադրութեամբ»: Իրանցի բարձրաստիճան … Read more

Արաղչի. «Դիւանագիտական Լուծման Մեծ Կարելիութիւն Կայ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի  յայտարարած է, թէ հաւանաբար հինգշաբթի օր Ժընեւի մէջ հանդիպում ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի հետ` նշելով, որ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրի հարցին մէջ տակաւին դիւանագիտական լուծումի հասնելու «լաւ կարելիութիւն կայ»: Ան այս մասին ըսած է ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին «Ֆէյս տը Նէյշըն» յայտագիրին տուած հարցազրոյցի ընթացքին: Յիշեցնենք, … Read more

Պաղայի. «Իրան Միացեալ Նահանգներու Հետ Հաւանական Գործարքի Վերաբերեալ Փաստաթուղթ Մը Կը Պատրաստէ»

Իրանը այժմ Միացեալ Նահանգներու հետ հաւանական գործարքի վերաբերեալ փաստաթուղթ կը պատրաստէ, սակայն ժամանակաւոր գործարքի կնքման շուրջ տեղեկութիւնը չի հաստատեր: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի: «Մենք այժմ կը գտնուինք մեր տեսակէտներու նախապատրաստման փուլին մէջ», ըսած է Պաղայի: Ան նաեւ ենթադրութիւն կոչած է Միացեալ Նահանգներու հետ … Read more

Իրանի Մէջ Ուսանողական Զանգուածային Բողոքի Ցոյցերու Նոր Փուլ Սկսած Է

Իրանի մէջ սկսած է ուսանողական զանգուածային բողոքի ցոյցերու նոր փուլ` նուիրուած յունուարեան ցոյցերուն ժամանակ զոհուածներու յիշատակի քառասունքին: Այս մասին իր կայքին վրայ յայտնած է Իրանի դիմադրութեան ազգային խորհուրդը: Բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են Մեշհետ, Իսֆահան եւ Շիրազ քաղաքներուն մէջ: Ցոյցերուն ընթացքին հնչած են հակակառավարական կարգախօսներ: «Նոր ուսումնական կիսամեակի առաջին օրը իրանեան քանի մը համալսարաններու ուսանողներ … Read more

Փեզեշքիան. «Կը Շարունակենք Մօտէն Հետեւիլ Ամերիկեան Շարժումներուն Եւ Որեւէ Բեմագրութեան Պատրաստուածութեան Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Որդեգրեցինք»

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու վերջին փուլը «քաջալերական ցուցանիշերու յանգեցաւ»: Փեզեշքիան «Էքս»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Կը շարունակենք մօտէն հետեւիլ ամերիկեան շարժումներուն եւ որեւէ բեմագրութեան պատրաստուածութեան անհրաժեշտ բոլոր քայլերը որդեգրեցինք»:

Պարրաք Կոչ Կ՛ուղղէ Իրաքի Մէջ Կազմելու Ազդու Ղեկավարութիւն Մը, Որ Կայունութեան Ամրապնդման Քաղաքականութիւն Կ՛որդեգրէ

Մինչ վարչապետի պաշտօնին Նուրի Մալիքիի թեկնածութեան խորապատկերին վրայ Իրաքը տակաւին կը սպասէ նոր կառավարութեան կազմութեան, ամերիկացի պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամ Պարրաք անհրաժեշտ նկատեց, որ Իրաք ունենայ ազդու ղեկավարութիւն մը, որ կ՛ամրապնդէ կայունութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Ռաշա Թուտէյ»-ը: Պարրաք «Էքս»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Երէկ արդիւնաւէտ հանդիպում մը ունեցայ վարչապետ Մոհամետ Շիահ … Read more

Կամ Հեյդարի որդու առաջարկած Սահմանադրությունը, կամ հայերի կողմից Սահմանադրության մի կետ, մեր ժողովուրդը թող որոշի․ Նարեկ Կարապետյան

Կամ Հեյդարի որդու առաջարկած Սահմանադրությունը, կամ հայերի կողմից Սահմանադրության մի կետ, մեր ժողովուրդը թող որոշի: Այս մասին «Ազատության» հետ հարցազրույցում ասել է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցության խորհրդի անդամ Նարեկ Կարապետյանը։ «ՔՊ-ն վախենում է Սամվել Կարապետյանի՝ վարչապետ լինելու փաստից, նա գնալու է մինչև վերջ և երկրին բերելու է փոփոխություններն իր դեմքով։ Եթե նրանք ընտրեն ժողովրդավարական … Read more

Ամերիկեան Ուժերը Սկսած Են Սուրիայէն Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզ Հեռանալ

Ամերիկեան բանակը սկսած է իր ուժերը Սուրիայէն դէպի Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզ հեռացնել: Այս մասին հաղորդեց «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: «Ժազիրա» կ՛աւելցնէ, որ ամերիկեան ուժերը կը հեռանան Քասրաք ռազմակայանէն, որ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան մեծագոյն ռազմակայանն է եւ կը գտնուի երկրի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Հասաքէի գիւղական շրջանին մէջ: Քրտական աղբիւր մը իր կարգին ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. … Read more

Զելենսքի. «Կը Կարծեմ, Որ Փութին Համաշխարհային Գ. Պատերազմը Սկսած Է, Եւ Մենք Պաշտպանութեան Առաջին Գիծն Ենք»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Համաշխարհային Գ. պատերազմը սկսած է, եւ անիկա պէտք է դադրեցուի: Այս մասին հակամարտութեան քառամեակին ընդառաջ «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի: Ուքրանիոյ ղեկավարը պնդած է, որ Փութինի Ուքրանիա ներխուժումը սկիզբ դրած է աւելի լայնածաւալ հակամարտութեան, որ կ՛ազդէ համաշխարհային համակարգին վրայ, եւ կոչ ուղղած է Ռուսիոյ դէմ կիրարկելու … Read more

Ըստ «Լը Ֆիկարօ»-ի. Իրանի Մէջ Ցոյցերու Նախօրեակին Լարիժանի Ձախողութեան Մատնած Է Խամենէին Հեռացնելու Փորձ Մը

Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթը հաղորդեց իրանեան վարչակարգին մէջ յեղաշրջման փորձի մը մասին, որ թիրախաւորած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէին` զինք տագնապը կառավարելէ արգիլելու համար: Փորձը կատարուած է յունուարին` երկրին մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերու գագաթնակէտէն առաջ: Ըստ մամլոյ տեղեկութիւններուն, նախաձեռնութիւնը երեւան եկած է 7 եւ 8 յունուարի միջեւ եղող գիշեր, այսինքն` մէկ … Read more