Ամերիկեան Ուժերը Սկսած Են Սուրիայէն Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզ Հեռանալ

Ամերիկեան բանակը սկսած է իր ուժերը Սուրիայէն դէպի Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզ հեռացնել: Այս մասին հաղորդեց «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:

«Ժազիրա» կ՛աւելցնէ, որ ամերիկեան ուժերը կը հեռանան Քասրաք ռազմակայանէն, որ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան մեծագոյն ռազմակայանն է եւ կը գտնուի երկրի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Հասաքէի գիւղական շրջանին մէջ:

Քրտական աղբիւր մը իր կարգին ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Ամերիկեան ուժերը սկսան Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը գտնուող գլխաւոր ռազմակայանէ մը հեռանալ»:

Յիշեցնենք, որ ամերիկեան ուժերը նախքան այդ հեռացած էին Սուրիոյ հարաւը Սուրիա-Իրաք-Յորդանան եռանկիւնին վրայ գտնուող ռազմավարական «Թանաֆ» ռազմակայանէն, ապա հեռացած էին Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ մեծագոյններէն նկատուող «Շատտատի» ռազմակայանէն:

Հեռացումը տեղի կ՛ունենայ համակարգուած կերպով Սուրիոյ բանակին հետ, որ անոնց ստեղծումէն երկար տարիներ ետք ստանձնեց երկու կարեւոր ռազմակայանները:

Leave a Comment