Բրիտանիան Ամբողջութեամբ Կը Ջնջէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Զէնքի Մատակարարման Արգելքը

Բրիտանիան ամբողջութեամբ կը ջնջէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նկատմամբ զէնքի մատակարարման արգելքը: Այս մասին նշուած է Բրիտանիոյ Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի հարցերով պետական նախարար Սթիւըն Տաութիի յայտարարութեան մէջ:

«Մենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ մեր յարաբերութիւնները կը բարձրացնենք մինչեւ առեւտուրի, անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ ռազմավարական գործընկերութիւն: Հաշուի առնելով արձանագրուած յառաջընթացը` կը կարծենք, որ 1992 թուականի ԵԱՀԿ-ի զէնքի մատակարարման արգելքը այլեւս արդիական չէ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Կը նշուի նաեւ, որ Բրիտանիան պատրաստ է համագործակցելու երկու երկիրներուն` Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ այլ գործընկերներու հետ` շրջանային կայունութեան աջակցելու համար:

Նախապէս Տաութի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան Երեւանի մէջ կատարած էին Հայաստան-Բրիտանիա ռազմավարական երկխօսութեան երկրորդ փուլը: Անոնք համաձայնած էին յարաբերութիւնները ամրապնդել եւ հասցնել ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի:

 

Leave a Comment