Շաբաթ օր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր վերջին մրցումը կատարեց Լեռնալիբանանի Բ. խմբակին գծով եւ 7-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց Թաատոտ Ռիատիի դէմ:
ՀՄԸՄ-ի յաղթանակը 5-րդ յաջորդականն էր, եւ Պուրճ Համուտի խումբը առաւելագոյն 15 կէտերը ձեռք ձգելով հասաւ Բ. հանգրուան:
Պհամտունի դաշտը ականատես եղաւ յարձակողական միակողմանի մրցումի մը, ուր Սերժ Օսքեան անգամ մը եւս փայլեցաւ նշանակելով հեթրիք մը (3 կոլ), մինչ Տիգրան Վարդան, Ֆատըլ Ռիտա, Եուսեֆ Համուտէ (փենալթիով) եւ Ալի Ֆահս նշանակեցին մնացեալ կոլերը:
Ալի Ֆահս, որ վիրաւոր էր եղանակի սկիզբը, վերադարձաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ շատ կարեւոր պահուն եւ ապաքինուած պիտի մասնակցի Բ. հանգրուանին, ուր մրցակիցները հետզհետէ կը զօրանան:
Սերժ 3 մրցումներու ընթացքին 3 հեթ-թրիք կրցած է իրագործել, մինչ Դ. դասակարգի անցեալ տարուան կոլ-սքորըր Եուսեֆ Համատէ 6 կոլ նշանակած է: Տիգրան (Տիգօ) Վարդան 3 կոլ նշանակած է Ֆատըլ Ռիտայի նման, մինչ Ալեք Ալճեան, Իպրահիմ Մուսաուի, Էլի Փիլաւճեան եւ Ալի Ֆահըս մէկական կոլ նշանակած են ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի հաշուոյն, որ 5 մրցումներուն 25 կոլ նշանակած է` ստանալով միայն 2 կոլ:
Սաֆա Շուէյֆաթ խումբը միացաւՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի 6-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ուահտէ Շհիմի դէմ:
Լեռնալիբանանի Զ. խմբակի մրցումներն ալ վերջ գտան, անոնց լոյսին տակ Մաժտալ Պասնա եւ Ահլի Սարպա Բ. հանգրուան հասան:
Ա. խմբակէն Ռաուտա Տըքուանէ եւ Ռիատի Պարժա, Բ. խմբակէն ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ եւ Սաֆա Շուէյֆաթ, Գ. խմբակէն Ռիատի Արամոն եւ Տերպի Մըրէյժէ, Դ. խմբակէն Եունայթըտ Լեպանոն եւ Ռապիթաթ Ուարտանիէ, Ե. խմբակէն Շապապ Պըրժ եւ Լիուաա Պարժա, եւ ինչպէս նշեցինք Զ. խմբակէն Մաժտալ Պաանա եւ Ահլի Սարպա հասան յաջորդ հանգրուան:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կողքին միայն Ռաուտա Տըքուանէ եւ Շապապ Պըրժ կրցած են իրենց 5 մրցումներուն ալ յաղթել: