Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ – Աթլեթիքօ` 0-1

Շաբաթ օր, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը Պէյրութի շրջանի ախոյեանութեան իր 5-րդ մրցումին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Աթլեթիքոյէն եւ գրեթէ կորսնցուց Գ. դասակարգ բարձրանալու իր յոյսերը:

Տակաւին կան երեք հանգրուաններ, որոնց ընթացքին տղաքը պէտք է իրենց կարելին ընեն յաղթելու յոյսով, որպէսզի գրաւեն առաջին երկու դիրքերէն մէկը` յոյսը պահելու համար:

Աթլեթիքօ, որ 2 տարիէ ի վեր կը պատրաստուի գրեթէ անփոփոխ իր խումբով, որ մեծ մասամբ 17-18 տարեկան տղոցմէ կազմուած է, գեղեցիկ եւ արագ ֆութպոլ կը ցուցադրէ եւ բազմիցս վտանգեց Մահմուտ Ֆաքիհի բերդը. խումբը լաւ ձեւով պաշտպանեց ինքզինք:

ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցն է Նօ Լիմիթց, որմէ ետք ՀՄԸՄ մրցումներ ունի Տինամօ Պէյրութի, Սապիլի եւ Սանհարիպի դէմ:

 

Leave a Comment