Խորհրդարանի դիւանը երէկ Այն Թինէի մէջ գումարեց ժողով մը, որուն աւարտին խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց. «Փորձեր կան կուսակցութիւններուն միջեւ Պէյրութի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ հաւասարութիւնը ապահովող ամբողջական ընտրացանկի մը շուրջ համաձայնութեան, սակայն մինչեւ այս պահս ոչինչ երաշխաւորուած է»:
«Քաղաքապետական ընտրութիւնները կը շարունակուին, եւ ներկայիս ընտրական օրէնքի որեւէ փոփոխութիւն պիտի չկատարուի», ընդգծեց ան:
Պու Սաապ նաեւ յայտնեց. «Խորհրդարանի դիւանը դատապարտեց իսրայէլեան յարձակումի շարունակումը եւ կառավարութեան կոչ ուղղեց` խախտումները դադրեցնելու համար արագօրէն գործելու»: