Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ հիւսիսային Պեքա իր այցելութեան առաջին փուլին այցելեց ծայրամասերուն մէջ գտնուող Շհայպիէ կեդրոն, ապա անցաւ Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող Պու Ֆարես կեդրոն, ուր զննեց սահմանի վերահսկման եւ մաքսանենգումի կանխարգիլման վերաբերեալ լիբանանեան բանակի եւ ապահովական ուժերու քայլերը:
Սալամ նշեալ կեդրոնին մէջ բանակի սպաներուն եւ անդամներուն հետ գումարեց ժողով մը եւ ծանօթացաւ Լիբանանի սահմաններն ու գերիշխանութիւնը պաշտպանելու համար որդեգրուած քայլերուն:
Վարչապետը գնահատեց բանակի ջանքերը` ընդգծելով, որ անոր անդամները հայրենիքի պարիսպն են, հայրենիքի եւ անոր զաւակներուն պաշտպանութեան համար զոհաբերութեան ու հաւատարմութեան խորհրդանիշն են:
«Նաշրա» հաղորդեց, որ լիբանանեան բանակէն մեծ թիւերով ուժեր տեղակայուած են Պաալպեք քաղաքի թաղերուն, գիւղերու մուտքերուն եւ գլխաւոր ճամբաներուն վրայ` առ ի պատրաստութիւն վարչապետ Սալամի այցելութեան:
Վարչապետին կ՛ընկերակցէին պաշտպանութեան, ներքին գործոց եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարարները:
Նշենք, որ իսրայէլեան օդանաւեր երէկ կէսօրէ առաջ ցած բարձրութեան վրայ թռիչքներ կատարեցին հիւսիսային Պեքայի եւ Հերմելի վերեւ:
Սալամ նաեւ այցելեց Պաալպեքի Սերայ, ուր քննարկեց Պաալպեք-Հերմել նահանգին մէջ ապահովական կացութիւնը` ընդգծելով. «Անհրաժեշտ է պէտք եղած ապահովական քայլերը որդեգրել` վերահսկողութեան տակ առնելու անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը եւ երաշխաւորելու համար քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններու ամբողջական յաջողութեամբ ու թափանցիկութեան ու արդարութեան չափանիշերով կայացումը»:
Վարչապետը Պեքա իր շրջապտոյտը եզրափակեց այցելելով Զահլէի սերայ: