«Էմ. Էմ. Էյ.» Քիթ Գրիգորեան Յաղթեց Եւ Պահպանեց Իր Տիտղոսը – Aztag Daily

Ամերիկահայ Կրեփլըր Քիթ Գրիգորեան պաշտպանեց եւ պահպանեց «Սի. Էֆ. Էֆ. Սի. Պի. Ճէյ. Ճէյ.» թեթեւ կշիռի ախոյեանութեան գօտին:

Ֆիլատելֆիոյ մէջ տեղի ունեցած մարտական 18-րդ երեկոյին, գլխաւոր մենամարտն էր Գրիգորեանի եւ Փետիկօ Սապմիշըն Ֆայթինկի ներկայացուցիչ Սի. Ճէյ. Մերտոքի միջեւ:

Ամերիկահայ մարտիկը խեղդող հնարքով ստիպեց մրցակիցին յանձնուիլ մենամարտի աւարտէն մօտ մէկուկէս վայրկեան առաջ:

Գրիգորեանի համար այս յաղթանակը իր տիտղոսին առաջին պաշտպանութիւնն էր: Ան անցեալ ապրիլին դարձած էր կազմակերպութեան պատմութեան թեթեւ կշիռի առաջին ախոյեանը:

Մերտոքի դէմ յաղթանակը կրնայ օգնել Գրիգորեանին անգամ մը եւս հանդէս գալ «Եու. Էֆ. Սի. Պի. Ճէյ. Ճէյ» մրցաշարքին: «Սի. Էֆ. Էֆ. Սի. Պի. Ճէյ. Ճէյ. 18» հիմնական մենամարտերու յաղթականները կարելիութիւն ստացան անվճար արձանագրուիլ «Եու. Էֆ. Սի.» մրցաշարքերէն մէկուն մասնակցելու համար:

Գրիգորեան նախապէս երկու մրցումներ եւ երկու յաղթանակներ արձանագրած է «Եու. Էֆ. Սի. Պի. Ճէյ. Ճէյ.»-ի մրցաշարքերուն գծով:

 

Leave a Comment