Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէն քանի մը օր առաջ հանդիսութիւն մը կազմակերպեց ի պատիւ նշանառութեան ոսկի մետալակիր Սամեր Սարգիսի:
Սամեր Սարգիս ոսկի մետալ նուաճած էր Միջերկրականեան երկիրներու խաղերուն, որոնք տեղի ունեցած էին Իտալիոյ Թարանթօ քաղաքին մէջ:
Սարգիս պարգեւատրուեցաւ Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէին կողմէ` ձեռք ձգած իր փայլուն արդիւնքին համար: Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Ասիոյ նշանառութեան ֆետերասիոնի նախագահ շէյխ Սալման Սուպահ Սալեմ Համմուտ Սուպահ, Ողիմպիական կոմիտէի անդամներ եւ Լիբանանի նշանառութեան ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ժան Զայլահ:
