Պէյրութ Մարաթոն Միութիւնը Կազմակերպեց Վազքի Մարզիչներու Մակարդակի Բարելաւումի Սեմինար

Պէյրութ Մարաթոն միութիւնը, գործակցութեամբ «Մայեմի Ֆիթնես Ֆեքթըրի»-ի վազքի եւ աթլեթիզմի մարզիչներու յատուկ սեմինար կազմակերպեց` աւելի լաւ պատրաստելու համար Լիբանանի մէջ մարզիչները եւ բարելաւելու համար անոնց կարողութիւնները:

Այս սեմինարին մասնակցեցան 35 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք 8 շաբաթներու վրայ հետեւեցան յատուկ դասընթացքներու, որոնց աւարտին ստացան վկայականներ, ինչ որ առաջին քայլ մըն էր եւ վստահաբար ապագային պիտի շարունակուի նման սեմինարներով, որոնց ընթացքին մասնակիցները պիտի հետեւին աւելի երկար վազքերու, տոկունութեան եւ կարողութեան վերաբերող դասընթացքներու` ստանալով միջազգային վկայականներ:

Leave a Comment