Հայաստանի մէջ միջազգային արհեստավարժ հեծելարշաւի շրջավազքը` «Թուր օֆ Արմինիա»-ն պիտի հաւաքէ աշխարհի 4 ծագերէն ժամանած 16 խումբեր: Մրցաշարքը կը սկսի 10 սեպտեմբերին եւ կ՛աւարտի 13 սեպտեմբերին` դառնալով Հայաստանի այս տարուան միջազգային մարզական մեծագոյն իրադարձութիւններէն մէկը:
Իւրաքանչիւր խումբ շրջավազքին պիտի մասնակցի 6 վարորդներով: Մասնակիցներուն մաս պիտի կազմեն Ճափոնէն, Իտալիայէն, Ղազախստանէն, Բրիտանիայէն, Թայլանտէն, Լեհաստանէն, Փորթուգալէն, Չեխիայէն եւ Գերմանիայէն խումբեր: Անշուշտ Հայաստանէն ալ պիտի մասնակցի խումբ մը:
Կը սպասուի, որ Հայաստան ժամանեն աւելի քան 300 պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներ` մարզիկներ, մարզիչներ, խումբերու աշխատակիցներ, իրաւարարներ, ինչպէս նաեւ մրցումներու կազմակերպման մասնագէտներ:
Հայաստանի առաջին միջազգային շրջավազքը նախատեսուած է 4 փուլով: Երկարութիւնը պիտի կազմէ 587 քմ, իսկ ընդհանուր վերելքը` 5300 մեթր: Մարզիկները Գեղարքունիքի, Տաւուշի, Լոռիի եւ Արագածոտնի մարզերով պիտի անցնին, իսկ աւարտական փուլը Երեւանի մէջ է:
Ստորեւ` ծրագիրը.
10 սեպտեմբեր – Գաւառ – Մեծ Մասրիկ (135 քմ):
11 սեպտեմբեր – Կիրանց – Ստեփանաւան (176 քմ):
12 սեպտեմբեր – Մարտունի – Դիլիջան/պարզ լիճ (164 քմ):
13 սեպտեմբեր – Երեւան (110 քմ, 10 շրջան):