Հակահայ Նիւթեր Կը Սփռուին Կլենտէյլի Կլենոքս Նախակրթարանի Մօտակայքը

Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբը խստօրէն դատապարտեց վերջին օրերուն Կլենոքս նախակրթարանը շրջապատող բնակելի թաղամասին մէջ սփռուած հակահայ ատելութեան նիւթերու տարածումը:

Հայ դատի յանձնախումբը կապի մէջ է Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի պաշտօնեաներուն եւ Կլենտէյլի ոստիկանութեան հետ` ապահովելու համար, որ դէպքը լիարժէքօրէն հետաքննուի եւ պատասխանատուները յայտնաբերուին ու պատժուին:

Ատելութեան նիւթը պատրաստուած էր հարիւր տոլարնոց թղթադրամի նմանողութեամբ, իսկ անոր ետեւը, հայկական դրօշի գոյներով գրուած էր «STUPIDIANS» («յիմարեաններ») բառը, ինչպէս նաեւ հետեւեալ պատգամը` «THIS IS AMERICA NOT STUPID ARMENIA» («Հոս Ամերիկա է, ոչ թէ յիմար Հայաստան»):

Յատկանշական է, որ անցեալ շաբաթ Կլենոքս նախակրթարանը մեկնարկեց երկրի առաջին Արեւմտահայերէնի երկլեզու ծրագիրը, որ պատմական իրադարձութիւն մըն է ամերիկահայ համայնքին համար:

«Մեր համայնքը տարիներով աշխատեցաւ Արեւմտահայերէնի երկլեզու ծրագիրը իրականութիւն դարձնելու համար, եւ այս շաբաթ մենք պէտք է տօնէինք զայն իբրեւ կարեւոր իրագործում մը մեր երեխաներուն եւ ապագայ սերունդներուն համար», ըսաւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Լուսի Պետրոսեան:

«Փոխարէնը, ընտանիքներ ատելութեան նիւթեր կը տեսնեն սփռուած ճիշդ այն թաղամասին մէջ, ուրկէ այս երեխաները հետիոտն դպրոց կ՛երթան: Մեր երեխաները արժանի են սորվելու իրենց լեզուն, տօնելու իրենց ժառանգութիւնը եւ ապահով զգալու: Մենք կ՛ակնկալենք, որ այս դէպքը լուրջի առնուի, լիարժէք հետաքննուի, եւ պատասխանատուները պատժուին», աւելցուց Պետրոսեան:

Հայ դատի յանձնախումբը կը նշէ, որ այս դէպքը Կլենտէյլի եւ ամբողջ շրջանին մէջ հայերու դէմ ուղղուած արարքներու շարքին վերջինն է: Արդարեւ, ատելութիւն հրահրող թռուցիկներ փակցուած են հայկական եկեղեցիներու եւ համայնքային հաստատութիւններու վրայ, իսկ հայկական դպրոցներ ենթարկուած են յարձակումի: Այս դէպքերէն իւրաքանչիւրը հրապարակաւ դատապարտուած է, սակայն գրեթէ բոլոր պարագաներուն ոչ ոք պատասխանատուութեան ենթարկուած է: Անպատժելիութեան այդ երեւոյթն է, որ քաջալերութիւն կու տայ յաջորդին` ատելութեան նոր արարք մը կատարելու:

Կլենտէյլը տունն է աշխարհի մեծագոյն հայ համայնքներէն մէկուն: Ատելութեան այս թռուցիկները տարածողները զանոնք սփռեցին անանուն կերպով եւ գիշերուան մթութեան տակ` ակնկալելով, որ համայնքը լռելեայն ընդունի վիրաւորանքը եւ լուռ մնայ: Սակայն, համայնքի ձայնը պիտի ըլլայ ազդու եւ հնչեղ` ընդդէմ ատելութիւն հրահրող այս հակահայ արարքին:

Հայ դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ այս կամ նմանօրինակ նիւթեր գտած շրջանի բնակիչներուն, որ դիմեն  Կլենտէյլի ոստիկանութեան եւ տեղեկացնեն Հայ դատի յանձնախումբին, որպէսզի իւրաքանչիւր դէպք արձանագրուի եւ ներկայացուի իշխանութիւններուն:

Leave a Comment