Հնդկաստան Կրնայ Հայաստանի «Փրալայ» Հրթիռներ Մատակարարել

Հնդկաստանը եւ Հայաստանը կը խորացնեն ռազմական սարքաւորումներու եւ համակարգերու վերաբերող իրենց համագործակցութիւնը. երկիրները կը քննարկեն Հայաստան` «Փրալայ» հրթիռներու մատակարարումներու կարելիութիւնը: Այս մասին հաղորդած է «Ինտիըն Տիֆենս Ռիշըրչ Ուինկ»:

Աղբիւրները յայտնած են, որ Հնդկաստան կրնայ Հայաստանին առաջարկել «Փրալայ» հրթիռներու շուրջ 290 քիլոմեթր գործողութեան շառաւիղով տարբերակը:

Անոնք նաեւ դիտել տուած են, որ ապագային հայկական պատուիրակութիւնը կրնայ այցելել Հնդկաստան` ուսումնական նախաձեռնութիւններ կատարելու նպատակով, նաեւ` համակարգի զննութիւն եւ գործարկում իրականացնել: Հայաստանի համար այս հրթիռները կրնան դառնալ անոր բարձր ճշգրտութեան հարուածային միջոցներու զինանոցի կարեւոր համալրում:

«Փրալայ»-ը փոքր հեռահարութեան «երկիր-երկիր» դասակարգի հրթիռ է, որ կրնայ խոցել թիրախներ 150-500 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Leave a Comment