Ծանրաբարձութիւն. Արթուր Պետրոսեան Արծաթէ Մետալ Շահեցաւ

Հայ ծանրաբարձ Արթուր Պետրոսեան, որ հանդէս կու գար մինչեւ 60 քկ կշիռի մրցումներուն, արծաթէ մետալ նուաճեց Քոսովոյի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան:

Պետրոսեան արաշէի եւ էփոլէ-ժըթէի վարժութիւններուն ալ երկրորդ դիրքը գրաւած է եւ երկամարտի 241 քկ կշիռի արդիւնքով դարձած է Եւրոպայի փոխախոյեան: Ոսկի մետալ նուաճեց Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Պութուզով, որ 246 քկ կշիռի արդիւնք ձեռք ձգեց:

Այս կշիռի կարգին մէջ, հայ ներկայացուցիչ մը եւս` Վարուժան Յարութիւնեան մէկ քայլով հեռու մնաց պատուոյ հարթակ բարձրանալէ` երկամարտի 228 քկ կշիռ արձանագրելով եւ գրաւելով 4-րդ դիրքը:

Մինչեւ 15 տարեկաններու 55 քկ կշիռի մրցումներուն Գրիգոր Աղավելեան արաշէի փոքր ոսկի մետալ շահած է` բարձրացնելով 110 քկ կշիռ: Անոր էփոլէ ժըթէի (88 քկ) կշիռը աւելի նուազ ըլլալով երկամարտի արդիւնքով (198 քկ) գրաւեց 4-րդ դիրքը:

Մինչեւ 15 տարեկաններու 60 քկ կշիռի մրցումներուն, Սամուէլ Ադիբէկեան երկամարտի արդիւնքով (218 քկ) դարձաւ Եւրոպայի փոխախոյեան:

Ան 1 քկ կշիռով զիջեցաւ Վրաստանի ներկայացուցիչէն, որ շահեցաւ ոսկի մետալը, մինչ պրոնզ մետալ շահեցաւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչը:

 

 

Leave a Comment