Ազգային Ժողովը Աւարտեց Յանձնախումբերու Նախագահներու Թեկնածութիւններու Քննարկումը

9-րդ գումարման խորհրդարանը աւարտեց յանձնախումբերու նախագահներու թեկնածութիւններու քննարկումը: Հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Լիլիթ Մինասեան տեղեկացուց, որ Ազգային ժողովի մշտական 12 յանձնախումբերու նախագահներու ընտրութիւնը պիտի կայանայ այսօր:

Երէկ Ազգային ժողովին մէջ քննարկուած է նաեւ Տարածաշրջանային եւ եւրասիական համարկման հարցերու մշտական յանձնախումբի նախագահի ընտրութեան հարցը: «Քաղաքացիական պայմանագիրը» այս յանձնախումբի նախագահի պաշտօնին ընտրելու համար առաջադրած է Տրդատ Սարգսեանի թեկնածութիւնը:

Քննարկուած է նաեւ Աշխատանքի եւ բարեկեցութեան հարցերու մշտական յանձնախումբի նախագահի ընտրութեան հարցը, այս պաշտօնին մէջ ալ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը առաջադրած է Նազելի Բաղդասարեանի թեկնածութիւնը:

Քննարկումները անցան առանց ընդդիմադիր խմբակցութիւններուն, քանի որ ընդդիմադիր պատգամաւորները լքած էին նիստերու դահլիճը: Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը կը բողոքէր, որ ընդդիմադիր պատգամաւորներու իւրաքանչիւր ելոյթէ ետք իշխանական փոխնախագահները մեկնաբանութիւններ կը կատարէին:

Leave a Comment