Աուն Ստանձնեց Ժապալ Ամելի Ամրոցները Վտանգուած Համաշխարհային Ժառանգութեան Ցուցակի Մէջ Ներառելու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Որոշումը

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Խալետ Անանին` ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ղասսան Սալամէի:

Նախագահը Անանիէն ստանձնեց Ժապալ Ամելի ամրոցները վտանգուած համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին վրայ ներառելու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի որոշումի վկայագիրը:

Նշեալ ցուցակին վրայ ներառուած ամրոցներն են Շքիֆի, Թըպնինի, Շաքրայի, Տէյր Քիֆայի եւ Շամահի ամրոցները:

Հանրապետութեան նախագահը նաեւ ընդունեց փոխվարչապետ Թարեք Մըթրին եւ անոր հետ քննարկեց քաղաքական ներկայ զարգացումները եւ Լիբանանի ու շրջանին մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը:

 

Leave a Comment