«Ես դադրեցուցած եմ Քանատայի դէմ հաստատուած 50 առ հարիւրի մաքսատուրքերը»: Այս մասին «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:
«Ես դադրեցուցած եմ Քանատայի դէմ հաստատուած 50 առ հարիւրի մաքսատուրքերը, որոնք նախատեսուած էին ուժի մէջ մտնել վաղը առաւօտեան, երեք օր ժամանակով` այն հիմամբ, որ Քանատան եւ Միացեալ Նահանգները, փաստաթուղթերը վերջնական տեսքի բերելնուն պէս, գործարք ունին: Մեծ «Քիսթոն Էքս.Էլ.» խողովակաշարը, որ շատոնց սպաննուած էր «Քնկոտ» Ճօ Պայտընի կողմէ, կրնայ գերեզմանէն արթննալ», գրած է Թրամփ:
Թրամփ ներածման լրացուցիչ 50 առ հարիւրի մաքսատուրքեր հաստատած էր քանատական արտադրութեան վրայ, ի պատասխան ամերիկեան արտադրութեան դէմ Քանատայի խտրական քայլերուն: Շեշտուած էր, որ մաքսատուրքերը կը հաստատուին արտադրութեան լայն տեսականիի վրայ` սկսեալ գինիէն մինչեւ հոքիի մահակներ եւ շաղախ:
Նոր մաքսատուրքերու ազդեցութեան տակ չեն յայտնուիր վառելանիւթերը, քալիումը, ինչպէս նաեւ ծովամթերքն ու կենսական հանքանիւթերը: