Սէուտական Արաբիոյ բաժակի մրցաշարքի իր առաջին մրցումին, Ահլի կը մրցէր Անուար խումբի դաշտին վրայ:
Հայաստանի ազգային խումբի խմբապետ Էդուարդ Սպերցեան իր երկրորդ պաշտօնական մրցումին նշանակեց գեղեցիկ կոլ մը եւս, 61-րդ վայրկեանին, եւ 82-րդ վայրկեանին գեղեցիկ փոխանցում մըն ալ կատարեց պրազիլցի Կալենոյի, որ նշանակեց 2-րդ կոլը: 52-րդ վայրկեանին Անուար նշանակեց կոլ մը, բայց մրցումը վերջ գտաւ Ահլիի յաղթանակով եւ Հայաստանի խմբապետը ընտրուեցաւ մրցումի լաւագոյն մարզիկ: