Սլովաքիոյ Պրաթիսլաւա քաղաքին մէջ ըմբշամարտի երիտասարդներու (20 տարեկանէն վար) աշխարհի ախոյեանութեան յունահռոմէական ոճի մրցումներուն, 77 քկ կշիռի աւարտական մրցումին Սամուէլ Տէրտէրեան յաղթեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցին` Ճավիտան Նահմաթովին, դառնալով աշխարհի ախոյեան:
Կիսաւարտականին Սամուէլ Տէրտէրեան 6-0 արդիւնքով իր վրացի Կիորկի Կոկելաշվիլիին, մինչ Նահմաթով 7-1 արդիւնքով յաղթած էր Իրանի ներկայացուցիչ Ամիր Մահտի Մոհամետ Սայիտի Նավայի:
87 քկ կշիռի մրցումներուն, Եուրիկ Պետրոսեան 8-1 արդիւնքով յաղթեց աւստրիացի Փոլ Մայերին եւ հասաւ աւարտական: Աւարտականին ճափոնցի Թայզօ Եոշիտայի դէմ մրցումը եղաւ միակողմանի, ուր Պետրոսեան պարտուեցաւ 8-0 արդիւնքով` նուաճելով արծաթ մետալ:
Պրոնզ մետալի համար տակաւին ելոյթ ունին Եուրիկ Մխիթարեան (67 քկ) եւ Էրիք Տէր Մաթեւոսեան (97 քկ):