«Էմ. Էմ. Էյ.» Այվազեան Յաղթական – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ «Էյ. Սի. Էյ. 206» մրցաշարքը, որուն գլխաւոր իրադարձութիւնն էր ծանր կշիռի ախոյեան Ալիխան Վախայեւի եւ Ամիր Ալիաքպարի միջեւ տիտղոսի մենամարտը:

Վախայեւ առաջին ռաունտին շատ նեղ կացութեան մատնուեցաւ եւ քիչ մնաց պարտուէր, բայց ան շուտով ինքզինք գտաւ եւ առաջին ռաունտի աւարտէն առաջ նաք-աութով կրցաւ գետին բերել իր մրցակիցը` պահելով ախոյեանի իր տիտղոսը, արձանագրելէ ետք իր 16-րդ յաղթանակը 3 պարտութիւններու կողքին: Ամիրի 5-րդ պարտութիւնն էր իր 21-րդ ելոյթին:

Կիսաթեթեւ կշիռի մրցումներուն հայ մարտիկ Ժորա Այվազեան կրցաւ կէտերով յաղթել Եուսուփ Զուպարիեւին` մենամարտին ամբողջ տեւողութեան տիրապետելէ ետք անոր վրայ:

Մրցաշարքի ամէնէն տպաւորիչ դրուագներէն մէկն էր իր Օսիմխոն Ռախմոնովի նաք-աութը: Թոմաշ Տեաքի դէմ անոր մենամարտին երրորդ ռաունտի վերջին երկվայրկեաններուն ան կրցաւ նաք-աութի ենթարկել մրցակիցը` յաղթելով մենամարտին:

 

Leave a Comment