Պարսելոնայի ծայրի յառաջապահ Ռունի Պարտաքճի իր աջ ծունկի ետեւի խաչաձեւ կապերը պատռելէ ետք պիտի ենթարկուի վիրաբուժութեան:
Պարսելոնա յայտնեց, որ շուէտացի մարզիկը, որ ծագումով հալէպահայ է, երկուշաբթի օր փորձի պահուն վիրաւորուած էր: Աւելի ուշ ի յայտ եկած էր, որ «Էյ. Սի. Էլ.»-ի վիրաբուժութեան պէտք ունի:
Պարսելոնա սկզբունքով 20 տարեկան Պարտաքճին այլ խումբի մը կը փորձէր փոխանցել, մանաւանդ որ ակումբը պէտք ունի նիւթական եկամուտներու: Ան անցեալ տարեշրջանին Քոփենհակընէն միացած էր Պարսային եւ 28 մրցումներու մասնակցած` նշանակելով 2 կոլ եւ կատարելով 4 էսիսթ:
Ան մինչեւ 2029 պայմանագրութիւն ունի քաթալոններու խումբին հետ, հակառակ անոր որ Պարսելոնա յայտնած էր, որ ան յաճախ ծունկի ցաւեր կ՛ունենար, եւ այդ պատճառով էր, որ միշտ պատրաստ չէր ըլլար:
Պարտաքճի 3 անգամ շահած էր Դանիոյ ախոյեանութիւնը եւ 2 անգամ բաժակակիր դարձած Քոփենհակընի հետ:
Միւս կողմէ, աջ ծայրի յետսապահ Ժիւլ Քունտէ կրնայ լքել Պարսելոնան` միանալու համար Արսենալին: Արսենալ լրջօրէն հետաքրքրուած է ֆրանսացի 27 տարեկան մարզիկով, մանաւանդ որ սպանացի մարզիչ Միքել Արթեթա շատ կը հաւնի անոր խաղարկութիւնը, որ յարմար է Արսենալին: Սակայն Քունտէ անձամբ կ՛ուզէ մնալ Պարսելոնայի հետ, մինչ իր ակումբը կ՛ուզէ նիւթական եկամուտ ձեռք ձգելու համար Լաութարօ Մարթինեսը, որ շատ հաւանաբար փոխարինէ Ֆեռան Թորեսը:
Քունտէ անցեալ եղանակին մասնակցած էր 47 մրցումներու` նշանակելով 3 կոլ եւ կատարելով 4 էսիսթ: