Բրիտանացի Էնտի Կրին, որ եղած էր պատմութեան առաջին վարորդը, որ ինքնաշարժով կը սուրար ձայնի արագութենէն աւելի արագ, նոր մրցանիշ մը հաստատեց ջրածինով բանող ինքնաշարժով:
64 տարեկան վեթերան վարորդը, որ նախապէս Բրիտանիոյ բանակի օդաչու էր, 654 քմ ժամական արագութեամբ նոր մրցանիշ մը հաստատեց ջրածինով բանող ինքնաշարժով, Եութայի մէջ:
Կրինի ինքնաշարժը երկու մեքենաներով էր` միասնաբար ստեղծելով 1.600 ձիու ուժ:
1997-ին Կրին վարած էր ճեթի ուժով «Թրասթ Էս. Էս. Սի.» ինքնաշարժը Նեւատայի անապատին մէջ 1.228 քմ ժամական արագութեամբ, զինք դարձնելով առաջին եւ միակ անձը, որ ձայնի արագութեան հասած է գետնի վրայ:
20 տարի առաջ ան մրցանիշ մը եւս արձանագրած էր` մազութով բանող ինքնաշարժով հասնելով 563 քմ ժամական արագութեան: