Լիոնել Մեսսի, որ քանի մը օրեր առաջ վերջին հրաժեշտ տուաւ իր հօր, որ մահացած էր հիւանդութենէ 68 տարեկան հասակին, յայտնեց, թէ կասկածներ ունի, թէ կրնայ շարունակել իր ֆութպոլի ասպարէզը:
«Չեմ գիտեր ի՛նչ պիտի ընեմ առանց քեզ: Չեմ գիտեր ինչպէ՛ս պիտի շարունակեմ: Ես միայն ֆութպոլ խաղցայ, եւ այժմ լուրջ կասկածներ ունիմ, թէ տակաւին պէ՞տք է շարունակեմ, թէ՞ ոչ», գրած է Մեսսի ընկերային ցանցի իր էջին վրայ:
«Սկիզբէն հետս էիր… Շատ քիչ մնացած էր մինչեւ վերջ: Ինչո՞ւ չկրցար սպասել, որ միասին աւարտէինք»:
Խորխէ մօտէն հետեւած էր իր զաւկին` Լիոնելի, իր ամբողջ ասպարէզի ընթացքին, սկսելով իր պատանեկան օրերէն, Պարսելոնայի հետ: Ան տարիներով եղած էր իր զաւկին գործակատարը:
39 տարեկան արժանթինցի խմբապետը յայտնեց, որ վերջին Մոնտիալին մասնակցութեան հիմնական պատճառներէն մէկն էր իր հօր փափաքը: «Միշտ կ՛ուզէիր, որ վերջին Մոնտիալին ալ մասնակցիմ եւ բացումէն քանի մը օր առաջ արդէն վիճակդ վատթարացաւ: Առաջին անգամ ըլլալով հետս չէիր կարեւոր մրցաշարքի մը: Ամէն մրցումէ ետք քեզմէ կը սպասէի նամակ մը: Հոն իմացայ, թէ որքա՛ն լուրջ է հիւանդութիւնդ:
Երբ ան Մոնտիալի ընթացքին կոլեր նշանակած էր, մանաւանդ բացման մրցումի հեթ-թրիքէն ետք, արտասուած էր` յայտնելով, որ այդ արցունքները ֆութպոլի հետ կապ չունէին… եւ դժուար օրերէ կ՛անցնէր, առանց նշելու, թէ հայրը հիւանդ էր: Ան կ՛ուզէր անպայման Մոնտիալը շահիլ իր հօր համար, բայց այլեւս ուժ չունէր այդ մէկը կատարելու:
«Ոտքերս այլեւս իմս չէին: Այս անգամ կարողութենէս վեր բան մըն էր: Երբեք լաւ չէի զգար… Ախոյեան չեղանք, բայց ոչ մէկը գիտէ, թէ որքա՛ն հաճելի էր: Անգամ մը եւս իրաւունք ունէիր: Պէտք էր հոն ըլլայի եւ խաղայի», աւելցուց Մեսսի:
«Շատ պիտի կարօտնամ քեզի, բայց միշտ ներկայ պիտի ըլլաս, մանաւանդ զաւակներս կրթելու պահուն, որովհետեւ անոնց պիտի սորվեցնեմ եւ կրթեմ այնպէս, ինչպէս դուն կատարեցիր հետս»: