Սաղաթէլեան. «Իշխանափոխութեան Հարցը Կը Շարունակէ Մնալ Օրակարգ»

«Այս իշխանութիւնը սպառնալիք է հայկական պետականութեան համար, հետեւաբար, նոր գումարման խորհրդարանին մէջ, այս փուլին, այս իշխանութեան գոյութեան պայմաններուն մէջ, մեր երկրին առջեւ կանգնած մարտահրաւէրները ոչ միայն չեն վերացած, այլեւ անոնք օրէ-օր կ՛աւելնան: Հետեւաբար, իշխանափոխութեան հարցը կը շարունակէ մնալ օրակարգ»: Այս մասին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան:

«Խորհրդարանին մէջ այսօր կայ նաեւ մեծ խմբակցութիւն մը, կան արտախորհրդարանական ուժեր, կան շահագրգիռ ուժեր իշխանափոխութեան հարցին մէջ: Այս բոլորին հետ պէտք է քննարկենք, համախմբում ստեղծենք, ճանապարհային քարտէս մշակենք եւ փորձենք հասնիլ մեր նպատակին: Այդ քննարկումները այս փուլին կան, մենք ունինք մեր պատկերացումները, բայց զանոնք հրապարակայնացնելէ առաջ ճիշդ պիտի ըլլայ, որ այդ օրակարգին շուրջ գոյանայ համաձայնութիւն: Ես կը կարծեմ ատոր գլխաւոր բախման, այսպէս ըսած, իրադարձութիւնը պիտի ըլլայ Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցը: Յառաջիկային այս իշխանութիւններուն կողմէ նախապատրաստուող յանձնումներու հարցը` անքլաւներու տեսքով կամ այլ տեսքով: Այսինքն, ծանր խնդիրներ կան մեր առջեւ կանգնած, եւ այս իշխանութիւնը հիմակուընէ ժողովուրդը եւ դաշտը կը պատրաստէ այդ զիջումները իրականացնելու համար: Մենք պէտք է ստեղծենք զիջումները դիմագրաւող համակարգեր, որպէսզի կարենանք թոյլ չտալ եւ հասնիլ իշխանափոխութեան», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Անդրադառնալով ԹՐԻՓՓ-ի շրջանակին մէջ ելեկտրահաղորդման ենթակառուցուածքներու միջոցով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ուժանիւթի աղբիւրներու հաւանական սղութեան պարագային պահանջարկը բաւարարելուն` Սաղաթէլեան նշեց, որ չի հաւատար, որ Ազրպէյճանը կամ Թուրքիան կրնան դառնալ Հայաստանի Հանրապետութեան համար այլընտրանքային աղբիւր: «Ինչպէ՞ս կարելի է ենթադրել, որ թշնամի պետութիւնները, որոնք վերջին 100 տարուան ընթացքին 2 անգամ մեր սեփական հայրենիքին մէջ ցեղասպանութիւն իրականացուցած են մեր նկատմամբ, պետութիւններ, որոնք հայ ազգի, հայ մարդու, հայ ինքնութեան հետ խնդիր ունին, անընդհատ կ՛ուզեն ոչնչացնել, այդ պետութիւնները կրնան դառնալ բարեկամ, հրաժարիլ իրենց աշխարհաքաղաքական ծրագիրներէն եւ մեզի համար դառնալ այլընտրանքային մատակարարման աղբիւր: Ես ատոր չեմ հաւատար», յայտնեց ան:

Պատասխանելով այն դիտարկման, թէ առեւտրատնտեսական շարժը այդ մասին չէ՞ արդեօք, ան ընդգծեց, որ ատիկա հասարակութիւնը բթացնելու համար է: «Նախընտրական շրջանին Ալիեւը կիսով չափ ՔՊ-ի նախընտրական գրասենեակի պետի պարտականութիւնները կը կատարէր, պենզին, ցորեն կ՛ուղարկէր: ՔՊ-ի վերարտադրութիւնը ապահովելու, շարունակական զիջումներ իրականացնելու համար: Հետեւաբար, այս ընթացքին պէտք է հասարակութիւնը բթացնեն, մոլորեցնեն եւ ցոյց տան, թէ ամէն ինչ վերջացած է, մենք այլեւս եղբայրական ժողովուրդ ենք, որպէսզի մեզի տանին նոր զիջումներու եւ կոտորածի: Նման մատակարարումները, եթէ կը դիտարկենք իբրեւ այլընտրանքային աղբիւրներ, այո՛, հիմա մեզի համար ռիսքեր կը պարունակեն: Հիմա մեզի պիտի կտրեն մեր հիմնական մատակարարներէն, պիտի մնանք իրենց յոյսին, յետոյ այդ «ծորակը» պիտի փակեն: Նիկոլ Փաշինեանի քաղաքականութիւնը հետեւեալն է` թշնամանալ բարեկամ երկիրներու հետ եւ փորձ կատարել բարեկամանալ թշնամի երկիրներու հետ: Այդ պատճառով բարեկամներու հետ պիտի թշնամանանք, իսկ թշնամիներու հետ պիտի չբարեկամանանք եւ երկիրը պիտի տանինք նոր արկածախնդրութիւններու», ընդգծեց Սաղաթէլեան:

Leave a Comment