Սմոթրիչ. «Ահաբեկչութեան Ենթակառոյցի Քանդումն Ու Իսրայէլեան Բանակին Լիբանանի Մէջ Ապահովական Ընդարձակ Տարածքի Մէջ Անհրաժեշտ Հարցեր Են»

Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչ յայտնեց, որ «ահաբեկչութեան» ենթակառոյցի քանդումն ու իսրայէլեան բանակին Լիբանանի մէջ ապահովական ընդարձակ տարածքի մէջ մնալը Իսրայէլի հիւսիսի բնակիչներու անվտանգութեան երաշխաւորման համար անհրաժեշտ հարց եր են: Ան այս մասին յայտարարած է «Ռաշա Թուտէյ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին:

Սմոթրիչի դիրքորոշումը համահունչ է յայտարարութիւններուն Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եիսրայէլ Քացի եւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի, որոնք ընդգծեցին. «Իսրայէլեան բանակը սահմանէն կամ հարաւային Լիբանանի մէջ ստեղծուած ապահովական շրջաններէն պիտի չհեռանայ, առանց Հըզպալլան ամբողջովին զինաթափելու պայմանի իրագործման»:

Սմոթրիչ նախապէս ալ յայտնած էր. «Իսրայէլեան բանակը Լիբանանի ապահովական գօտիին մէջ պիտի մնայ երկար տարիներ, առնուազն մինչեւ Հըզպալլայի ամբողջական զինաթափումը»:

«Իսրայէլի պաշտպանութեան պիւտճէն կը կազմուի յաջորդ տասնամեակին համար` հիմնուելով այնտեղ բանակի համար կայուն ռազմակայաններու եւ դիրքերու ստեղծման վրայ», աւելցուց Սմոթրիչ:

 

Leave a Comment