Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան մասնակցեցաւ Պրումմանայի թենիսի բաց մրցաշարքի փակման արարողութեան` պաշտօնական, մարզական եւ դիւանագիտական անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ մեծ բազմութեան ներկայութեան:
Ան գովաբանեց մրցաշարքի յաջողութիւնն ու թենիսի ֆետերասիոնին, կազմակերպիչ ակումբին եւ հովանաւորներուն ջանքերը` գովաբանելով Պրումմանայի ակումբի երկար եւ նշանաւոր պատմութիւնը եւ ընդգծելով, որ «բաժակը կը մնայ իբրեւ նուիրական յիշողութիւն, սակայն մարզական ոգին մնայուն նուաճում է»: