Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի Պէյրութի շրջանի ախոյեանութեան 2-րդ շաբթուան մրցումներուն գծով, վաղը յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Ֆ. Ք. Պէյրութի դէմ, Ահտի դաշտին վրայ:
Իր առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Պէյրութ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնած էր Նուժումը` բոլորին կեդրոնացումը իր վրայ դարձնելով:
ՀՄԸՄ Պէյրութ շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ, ան բաւական լաւ ֆութպոլ կը կիրարկէ եւ ըստ երեւոյթին լրջօրէն Գ. դասակարգ բարձրանալու մասին կը մտածէ:
Վերջին անգամ 2021-ին ՀՄԸՄ Պէյրութ մաս կը կազմէր Գ. դասակարգին, բայց այս տարի անպայման պիտի ընէ իր կարելին բարձրանալու գծով:
Նոյն խմբակին մաս կազմող Անդրանիկ, որ իր կարգին յաղթած էր Ֆ. Ք. Պէյրութին, պիտի մրցի Նուժումի դէմ, այսօր յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, Անսարի դաշտին վրայ:
Յաղթանակ մը եւս վաղը, եւ ՀՄԸՄ Պէյրութ յառաջիկայ մրցումին կարեւոր մրցում մը պիտի ունենայ Անդրանիկին դէմ: Այդ մրցումը պէտք է վճռէ խմբակի պարագլուխի դիրքը գրաւող խումբին անունը:
Նշենք, որ Ա. խմբակի 4 խումբերն են Շեպիպեթ Մազրաան, Տինամօ Պէյրութը, Սանհարիպը եւ Արզը: Շեպիպեթ Մազրաա եւ Տինամօ Պէյրութ 3-ական կէտեր ունին առաջին շաբթուան մրցումներէն ետք: