Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի բուռն կերպով քննադատեց «Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներու եւ Լիբանանի գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան ոտնահարման շարունակութիւնը»` նշելով, որ այդ գործելակերպի շարունակութիւնը արեւմտեան Ասիոյ շրջանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը կ՛ենթարկէ լուրջ վտանգներու: