«Եու. Էն. Էֆ. 34». Ժորա Սահակեան` Ախոյեան

Անցեալ շաբաթավերջին Քալիֆորնիոյ Քոմերս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ խառն մենամարտերու («Էմ. Էմ. Էյ.») «Եու. Էն. Էֆ. 34» մրցաշարքը, որուն ընթացքին յաջող ելոյթներ ունեցան հայ մարտիկները:

Երեկոյի գլխաւոր մենամարտին, անյաղթ Ժորա Սահակեան արհեստավարժ ասպարէզի իր 6-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց: Սահակեան իրաւարարներու ոչ միաձայն որոշումով յաղթեց Հոլթ Ֆելքինսին եւ նուաճեց «Եու. Էն. Էֆ.»-ի թեթեւ կշիռի ժամանակաւոր ախոյեանի տիտղոսը:

Արհեստավարժ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի գծով յաղթանակ մը եւս տարաւ Պարգեւ Խաչատրեան: Ան Էրիքէ Մարթէի դէմ մենամարտը աւարտեց խեղդող հնարքով եւ իր ցուցանիշը հասցուց 4 յաղթանակի` 4 մրցումներու ընթացքին:

Յաջող ելոյթներ ունեցան նաեւ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի հայ միւս ներկայացուցիչները: Քրիսթոֆ Պուլտուքեան, Էդուարդ Զոհրապեան եւ Խաչիկ Վարդանեան յաղթանակներ արձանագրեցին ոչ արհեստավարժ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մրցումներուն:

Կրեփլինկի մրցումներուն յաղթանակ մը արձանագրեց նաեւ Արթուր Ցկանեան:

 

Leave a Comment