Երբ 2026-ի Մոնտիալը սկսաւ, շատեր կը հարցնէին Քափէ Վերտէի մասին: Արդեօք ո՞ւր է, ինչպէ՞ս հասաւ Մոնտիալ: Քափէ Վերտէ Ափրիկէի արեւմուտքը գտնուող 16 կղզիներէ կը բաղկանայ, 4 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ:
Քափէ Վերտէ մոնտիալ հասաւ, որովհետեւ դուրս ձգեց Քամերունի եւ Լիպիոյ նման ազգային խումբեր:
Շատ յատուկ էր անոնց առաջին մասնակցութիւնը` մրցելով Եւրոպայի ախոյեան Սպանիոյ դէմ, ուր 40 տարեկան բերդապահ Վոզինիա փայլուն ելոյթ ունենալով անառիկ պահեց իր բերդը: Աւելի ուշ 2 հաւասարութիւններ եւս արձանագրուեցան Ուրուկուէյի (2-2) ու Սէուտական Արաբիոյ (0-0) հետ եւ յաջորդ հանգրուանի տոմսը ապահովուեցաւ:
Պատմութիւն կերտուած էր արդէն իսկ, առաջին մասնակցութենէն հասնիլ Բ. հանգրուան, ուր մրցակիցը աշխարհի ախոյեան (2022-ի) Արժանթինն էր:
Քափէ Վերտէ շարունակեց նոյն ընթացքը եւ հաւասարութիւն խլեց Արժանթինէն, որ միայն երկարաձգման ընթացքին կրցաւ յաղթել (3-2):
Այժմ Վոզինիայի նման մարզիկներ միջազգային դէմքեր դարձած են, եւ այլեւս մէկը չի հարցներ, թէ ո՞ւր է Քափէ Վերտէն կամ ինչպիսի՛ խումբ մըն է…