Գագիկ Ծառուկեան Երկու Ամիսով Կալանաւորուեցաւ

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան երէկ երկու ամիսով կալանաւորուեցաւ` առանձնապէս խոշոր չափերով խարդախութիւն եւ դրամի լուացում կատարելու մեղադրանքով: Ծառուկեանի փաստաբանները նշեցին, որ որոշումը պիտի բողոքարկեն:

Խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւոր քննադատներէն Գագիկ Ծառուկեան ձերբակալուեցաւ նախանցեալ օր իր առանձնատան մէջ մօտ 12 ժամ տեւած խուզարկութենէ ետք, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան դիմակաւորուած աշխատակիցները Ծառուկեանը տարին նախ Քննչական կոմիտէ, այստեղ անոր մեղադրանք առաջադրուեցաւ խարդախութիւն կատարելու եւ դրամի լուացման յօդուածներով:

Քննչական կոմիտէի փոխանցմամբ` Գագիկ Ծառուկեան կազմակերպած եւ ղեկավարած է յանցաւոր խումբ, որ Իրան-Հայաստան գումակային կապեր ստեղծելու պատրուակով, խաբէութեամբ ու փաստաթուղթեր կեղծելով, իրանական ընկերութիւններէ յափշտակած է 52 հատ փոխադրամիջոց, սարքեր եւ ապրանքներ` պատճառելով շուրջ 22 միլիոն տոլարի վնաս:

Այնուհետեւ, ըստ նախաքննական մարմինին, Ծառուկեան կազմակերպած է այդ յանցաւոր ճանապարհով ստացուած գոյքի եւ գումարներու լուացումը` զանոնք սեփական ընկերութիւններու օրինական շրջանառութեան միախառնելով: Ինք` Ծառուկեան, մեղադրանքը չ՛ընդունիր` զայն որակելով կեղծիք:

 

Leave a Comment